ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման որոնումներուն տեսակէտէ երէկ կարեւոր իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ Աստանայի մէջ։ Թուքիա, Ռուսաստան եւ Իրան՝ որպէս երաշխաւոր երկիրներ, հասան համաձայնութեան մը։ Այս յուսադրիչ նախաձեռնութիւնով Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան ստորագրեցին փաստաթուղթ մը, որով կը նախատեսուի Սուրիայէ ներս բախումներէ զերծ շրջաններ ստեղծել։ Երեք կողմերուն միջեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած խտացեալ շփումներուն հիման վրայ կարելի եղաւ հասնիլ այս համաձայնութեան։ Նկատի ունենալով, որ Աստանայի մէջ երէկ բանակցային սեղանի շուրջ էին Սուրիոյ բոլոր ուժերուն ներկայացուցիչները՝ անոնք ալ հաշտ աչքով դիտեցին այս տարբերակը։ Ուստի, երաշխաւոր երեք երկիրներու ներկայացուցիչները ստորագրեցին համաձայնագիր մը։
Անգարայի աղբիւրները հաղորդեցին, որ մանրամասնութիւնները պիտի ճշդուին երաշխաւոր երկիրներուն կողմէ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ բախումներէ զերծ շրջաններու սահմաններուն շուրջ մանրամասնութիւններն ու կարգադրութիւնները պիտի յստակենան յառաջիկայ շրջանին։ Երաշխաւոր երեք երկիրները մասնաւոր աշխատանքային խումբեր պիտի ստեղծեն այս նպատակով։ Թրքական կողմը ողջունեց երէկ Աստանայի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը եւ ընդգծեց, որ բախումներէ զերծ շրջաններուն մէջ հակամարտ կողմերուն միջեւ պիտի կասեցուի ամէն տեսակ զէնքի օգտագործումը, ներառեալ ռազմաօդային տարրերը։ Դէպի այդ շըր-ջանները պիտի ապահովուի հրատապ ու անխափան մարդասիրական օժանդակութիւն։
Սուրիոյ գծով Ռուսաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ալեքսանտր Լաւրենտեւ տեղեկացուց, որ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ ողջունած է այս համաձայնութիւնը եւ բախումներէ զերծ շրջաններուն վրայ ռազմաօդային ուժերը պիտի դադրեցնեն իրենց թռիչքները։
Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն Ուսամէ Էպու Զէյտ, իր կարգին, յայտնեց՝ որ անվտանգ գօտիներու ստեղծումը կը սպառնայ երկրի ամբողջականութեան։
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընէն մտահոգութիւններ հնչեցին երէկ Աստանայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան շուրջ։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թէեւ համաձայնութեան կողմերէն մին չեն հանդիսանար, սակայն Սուրիայէ ներս բըռ-նութեան կասեցման ուղղեալ բոլոր ջանքերը կը խրախուսեն։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը յիշեցուց նաեւ նախկին ձախող ջանքերը ու թուարկեց իր վերապահութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ մատնանշուած է նախ եւ առաջ Իրանը։ Արդարեւ, Թեհրանի ղեկավարութիւնը Պեշար Էսատի վարչախումբը կը պաշտպանէ անվերապահօրէն։ Բաց աստի, Ուաշինկթընի կողմէ ընդգծուած են շարք մը ահաբեկչական խմբաւորումներու պարագաները։