ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը ար­դէն ու­նի նոր նա­խա­գահ մը։ 3 Մա­յիս 2017 թուա­կա­նի դրու­թեամբ Ի­զա­պէլ Մո­թա կո­չուած է հի­մար­կի վար­չու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին՝ յա­ջոր­դե­լով Ար­թուր Սան­թոս Սիլ­վա­յին, որ վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին այս կա­ռոյ­ցի ղե­կա­վարն էր։ Հարկ է նշել, որ «Գալուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մունքն ալ են­թա­կայ է այն ընդ­հա­նուր ղե­կա­վա­րու­թեան, ո­րուն գլու­խը ներ­կա­յիս ան­ցած է Ի­զա­պէլ Մո­թա, որ ու­նի հինգ տա­րուան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժամ­կէտ մը։

Ի­զա­պէլ Մո­թա «Գալուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի հո­գա­բար­ձու­թեան կ՚ան­դա­մակ­ցի 1999 թուա­կա­նէն ի վեր։ 7 Դեկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին ան ընտ­րուե­ցաւ նա­խա­գահ եւ նա­խըն­թաց օր ալ պաշ­տօ­նա­պէս ստանձ­նեց այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Ի­զա­պէլ Մո­թա 1951 թուա­կա­նին ծնած է Լիզ­պո­նի մէջ։ Մաս­նա­գի­տու­թեամբ տնտե­սա­գէտ է՝ ա­ւար­տած ըլ­լա­լով Լիզ­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նը։ 1973 թուա­կա­նէն ի վեր աշ­խա­տան­քա­յին ըն­դար­ձակ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցած է՝ պե­տա­կան, հա­մալ­սա­րա­նա­կան եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ, միշտ գտնուե­լով ղե­կա­վար դիր­քե­րու վրայ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ, 1978-1986 թուա­կան­նե­րուն Ի­զա­պէլ Մո­թա Փոր­թու­գա­լի Ելմ­տա­կան նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս ե­ղած է ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի փոխ-ընդ­հա­նուր տնօ­րէն։ 1987-1995 թուա­կան­նե­րուն Իզապէլ Մո­թա ե­ղած է Փոր­թու­գա­լի շրջա­նա­յին ծրագ­րա­ւոր­ման եւ զար­գաց­ման պե­տա­կան քար­տու­ղար՝ ըլ­լա­լով պա­տաս­խա­նա­տու Եւ­րո­միու­թեան հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու գծով ի նպաստ Փոր­թու­գա­լի զար­գաց­ման ծրագ­րե­րուն։

Ի շա­րու­նա­կու­թիւն իր ցարդ վա­րած բազ­մա­կող­մա­նի պաշ­տօն­նե­րուն՝ ան ներ­կա­յիս ան­ցած է գլու­խը «Գալուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի, որ Փոր­թու­գա­լի մէջ կը դա­սուի բարձր հե­ղի­նա­կու­թեամբ կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու շար­քին։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017