Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՓԵՐՄԵԱՔՈՎ ՊԻՏԻ ՏԱՐՈՒԻ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ
12 Յունուար 2015 թուականին Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ Աւետիսեան ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուոր Վալերի Փերմեաքով պատիժը պիտի կրէ Ռուսաստանի մէջ։ Ռուսաստանի Հիւսիս-Կովկասեան շրջանի ռազմական դատարանի ներկայացուցիչը երէկ ճանչցաւ Հայաստանի դատական մարմիններուն վճիռը, որով ցկեանս բան-տարկութեան դատապարտուած է Վալերի Փերմեաքով։ Այս վերջինը ներկայիս կալանաւորուած է Կիւմրիի ռուսական ռազմակայանէն ներս։
news.am-ի հաղորդումներով, ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Փերմեաքով պատիժը պիտի կրէ Ռուսաստանի մէջ, սակայն տակաւին վերջնականօրէն չէ ճշդուած այդ վայրը։
Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017