ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑ

Թրքահայ իրականութենէն ներս առկախուած ընտրութիւններու խնդիրը կը շարունակէ մնալ հրատապ օրակարգ։ Ընտրութեան հարցերը որքան որ ալ մնան առաջնահերթ, համայնքային կեանքէն ներս համապատասխան եռանդով կամ նախապատուութիւնով յառաջ չեն տարուիր նախապատրաստական աշխատանքները։ Սա անշուշտ հակասական երեւոյթ մըն է, որու յաղթահարումը անհրաժեշտ է՝ մեր համայնքէն ներս առողջ ընտրական համակարգի մը ստեղծման առումով։ Ուստի, Պատրիարքական Աթոռը հետամուտ է՝ մեր համայնքի ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման ու այժմէականացման առանցքային խնդրին համար գործնական լուծումներ գտնելու։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Սարվէն Սերթշիմշէքի հետ։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը բազմակողմանի տեղեկութիւններ քաղեց՝ մեր համայնքի ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման եւ այժմէականացման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմնի շարք մը անդամները, որոնք յարմարութիւն ունէին ներկայ գտնուելու։

Սարվէն Սերթշիմշէք երկար ժամանակէ ի վեր ներգրաւուած է մեր համայնքի ընտրողներու ցուցակագրման աշխատանքներուն մէջ։ Այլ ազգայիններու կողմէ կատարուած աշխատանքներուն ի շարունակութիւն՝ ան համակարգչային մթնոլորտի մէջ անցուցած է մեր եկեղեցիներու ընտրողներու, անոնց շուրջ համախմբուած հաւատացեալներու անուանացանկերը։ Սա ընտրողներու ցուցակ մը ըլլալու զուգահեռ շատ կարեւոր տուեալ կը համարուի՝ համայնքի ժողովրդագրական կացութեան մասին տարրական տեղեկութիւններ կուտակելու համար։

Սարվէն Սերթշիմշէք նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց ցայսօր տարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկային համար անհրաժեշտ գործերուն շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ համայնքի ընտրողներու անունները ցուցակագրուած են համակարգչային մասնաւոր ծրագրերով եւ անոնք դիւրութիւն կ՚ընձեռեն հաւանական զանազան ընտրական դրութիւններու կիրարկման պարագային ցուցակները օգտագործելու, կրկնակի քուէարկութիւնները կանխելու եւ այլ նպատակներու տեսակէտէ։

Նորին սրբազնութիւնը զրոյցի աւարտին գնահատանքով արտայայտուեցաւ փոխանցուած տեղեկութիւններուն եւ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Կը նախատեսուի, որ Սարվէն Սերթշիմշէք մասնակցի նաեւ Խորհրդակցական մարմնի յաջորդ ժողովին։

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018