Կիրակի 12, Յունուար 2025
Տ. ԴԱՆԻԷԼ ՎՐԴ. ՖԻՆՏԻՔԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Պատգամաւորական ժողովը երէկ նոր թեմակալ առաջնորդ ընտրեց Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆինտիքեանը, որ պիտի յաջորդէ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին։ Միւս թեկնածուները եղած են Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան եւ Հայր Օշական։ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆինտիքեան ապահոված է թեմական պատգամաւորներու ձայներուն մեծամասնութիւնը եւ ընտրուած՝ վարելու համար առաջնորդի պաշտօն։
Արեւելեան թեմի առաջնորդական ընտրութեան արդիւնքը պէտք է յառաջիկայ օրերուն վաւերացուի Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ։ Նորընտիր առաջնորդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ամերիկածին միաբաններէն մին է։
Շաբաթ, Մայիս 5, 2018