«ԱՐՍԵՆԱԼ» ՊԱՏՐԱՍՏ՝ ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԷՆ ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ

Անգլիական մամուլի հաղորդումներով, Լոնտոնի «Արսենալ» ֆութպոլի ակումբը պատրաստ է Հենրիխ Մխիթարեանէն հրաժարելու։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հենրիխ Մխիթարեանի անունը մարզական աշխարհէ ներս դարձեալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ է՝ իր հաւանական փոխանցման բերումով։

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետը՝ Հենրիխ Մխիթարեան ներկայիս կը կրէ Իտալիոյ «Ռոմա» ակումբի մարզաշապիկը՝ վարձուած ըլլալով «Արսենալ»էն։ «Ռոմա» ակումբը վերջերս տեղեկացուած էր, որ կը ձգտի իր կազմին մէջ պահել Հենրիխ Մխիթարեանը։ Ներկայիս հետաքրքրութեամբ կը սպասուի Հենրիխ Մխիթարեանի հաւանական փոխանցման վերաբերեալ իրադարձութիւններու շարունակութեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020