ԴԷՊԻ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին անդրադարձաւ այն քայլերուն, որոնք Թուրքիան դէպի բնականոնացում պիտի առաջնորդեն։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարելու համար շաբաթներէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ հաստատուած են բազմակողմանի սահմանափակումներ։ Այժմ կը սկսի այդ սահմանափակումներու աստիճանաբար թուլացման փուլը։ Նախարարաց խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ նախագահ Էրտողան բացատրութիւններ տուաւ աստիճանական բնականոնացման ուղղեալ այս քայլերուն շուրջ։ Այսպէս, 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիները պիտի կարողանան կիրակի փողոց դուրս գալ։ 20 տարեկանէ վար երիտասարդները աշխատանքային օրերուն պիտի կարենան փողոց դուրս գալ։ Միջքաղաքային ճամբորդութիւնները յարաբերաբար ազատ պիտի արձակուին։ Ներկայիս 31 քաղաքի պարագային կը գործէ միջքաղաքային ուղեւորութեան արգելք։ Այժմ, այս ծիրէն դուրս կը թողուի եօթ քաղաք։ Մնացեալներու պարագային սահմանափակումը պիտի շարունակուի եւս երկու շաբաթ։ Մայիսի 11-էն սկսեալ վերստին պիտի գործեն առեւտուրի կեդրոնները, սափրիչներն ու վարսավիրները։ Զօրակոչերն ու զօրացրումները ամսավերջին պիտի վերսկսին։ Լիսէներու կամ համալսարաններու մտից քննութիւնները տեղի պիտի ունենան յաջորդ ամիս։

Այս բոլոր քայլերը պիտի գործադրուին՝ միշտ որոշ նախազգուշական միջոցներով, որպէսզի համաճարակի նոր ալիք մը չբռնկի։ Նկատի ունենալով, որ Եւրոպայի մէջ ալ սկսած է բնականոնացման գործընթաց մը՝ մասնագէտներ խորհուրդ կու տան ուշադրութեամբ հետեւիլ իրադարձութիւններուն։ Այսպէս, Թուրքիա կը ծրագրէ անմիջական ուշադրութեամբ դիտարկել Եւրոպայի իրադարձութիւնները։ Արդարեւ, հարեւան երկիրներու եւ տարածքաշրջաններու պարագան շատ նուրբ է՝ հաւանական վարակումներու նոր ալիք մը կանխելու տեսակէտէ։ Մնաց որ, այդ ուշադրութիւնը օգտակար կը համարուի նաեւ փորձառութեան փոխանակման տեսանկիւնէն։

Նախագահ Էրտողանի կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութիւններուն առընթեր, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ յայտնեց, որ Թուրքիա ամիս մը վերջ պիտի հանգստանայ։ Ըստ նախարարին, երկիրը ամիս մը վերջ լայն շունչ մը պիտի քաշէ։ «Աւելի ապահով պիտի զգանք եւ աւելի լաւ պիտի տեսնենք մեր հորիզոնը։ Ճիշդ ուղղութեան վրայ ենք, մեր ճանապարհը բաց է», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ շրջանին քննութիւններու թիւը պիտի չնուազի, այլ՝ ընդհակառակն։

Միւս կողմէ, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 35 հազար 771 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1614 նոր վարակեալ։ Երէկ քորոնաժահրի հետեւանքով 64 հոգի մահացաւ։ Ըստ վերջին վիճակագրական տուեալներուն, երէկուան դրութեամբ առողջացած հիւանդներու թիւը կազմեզ 5 հազար 15։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020