ԱՆՕԴԱՉՈՒՆԵՐՈՒ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒՄ

Ատրպէյճանի բանակը երէկ թրքական «Bayraktar» հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով ռազմափորձեր իրականացուց։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հրապարակեցին այդ զօրավարժութիւններուն վերաբերեալ դրուագներ։

Պաքուի կողմէ ցոյց տրուեցան այդ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու կանգառներէն դուրս բերուիլը, թռիչքային վազքուղիի վրայ դրուիլը, պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած ստուգումները եւ վառելանիւթի լիցքաւորումները։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, սոյն ռազմափորձերու ծիրէն ներս այդ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը ոչնչացուցին պայմանական թշնամական թիրախները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021