ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԼՑԱՅՄԸՐԻ ՊԱՏՃԱՌ

Առանձնութիւնը կը բարձրացնէ ալցայմըրի հիւանդութեան զարգացման հաւանականութիւնը։ Այսպէս, գիտնականները պարզած են, որ միջին տարիքի մէջ (45-64 տարեկան) մշտական առանձնութիւնը կրնայ բարձրացնել աւելի ուշ տարիքի մէջ տեմանսի ու ալցայմըրի հիւանդութեան զարգացման հաւանականութիւնը։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ կը նշուի, որ այն մարդոց մօտ, որոնց առանձնութիւնը ժամանակաւոր բնոյթ կրած է, աւելի ցած է թուլամտութեան զարգացման հաւանականութիւնը, քան այն մարդոց մօտ, որոնց առանձնութիւնը կայուն է։

Պոսթոնի համալսարանի բժշկական դպրոցի գիտնականները ուսումնասիրած են սրտանօթային համակարգի առողջութեան նուիրուած հետազօտութիւններու արդիւնքին ստացուած տուեալները։ Հետազօտութիւններուն մասնակցած են հասուն մարդիկ բնական ճանաչողական գործառոյթներով։

Ալցայմըրի հիւանդութեան զարգացման վրայ ազդող յաւելեալ գործօնները հաշուի առնելէ յետոյ գիտնականները եկած են այն եզրայանգման, որ կայուն միայնութիւնը կապուած է հիւանդութեան զարգացման աւելի բարձր հաւանականութեան հետ, մինչդեռ ժամանակաւոր առանձնութեան պարագային այդ վտանգը աւելի ցած կ՚ըլլայ։ Աւելին՝ այդ վտանգը շատ աւելի ցած կ՚ըլլայ իրենք զիրենք միայնակ չհամարող մարդոց մօտ։

Մասնագէտները այս երեւոյթը կը բացատրեն հոգեբանական կայունութեամբ, որ մարդ ձեռք կը բերէ վատ փորձէ յետոյ։ Սա է պատճառը, որ կայուն առանձնութիւնը կը բարձրացնէ ալցայմըրի հիւանդութեան զարգացման հաւանականութիւնը, մինչդեռ ժամանակաւոր առանձնութեան պարագային այդ վտանգը աւելի փոքր կ՚ըլլայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021