ԲԵԿԱՆՄԱՆ ԴԱՏԱՎՃԻՌ

Հայաստանի մէջ յետպատերազմեան տագնապի պայմաններուն ներքեւ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի վիճելի ձեւով ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօնէն ազատուելուն արձագանգները կը շարունակուին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնները յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ անել կացութեան մատնուած էին Օննիկ Գասպարեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններով, որոնք բացայայտօրէն ի ցոյց կը դնէին թերացումները։ Հայաստանի զինեալ ուժերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը նաեւ յայտարարութիւնով մը միացած էր կառավարութեան հրաժարականի պահանջին։ Նիկոլ Փաշինեան այդ իրադարձութենէն վերջ պաշտօնազրկել ուզած էր զօրավար Օննիկ Գասպարեանը՝ պատրուակելով, որ ռազմական յեղաշրջման փորձ կը կատարուի։ Իր կողմէ ստորագրուած համապատասխան հրամանագիրը չէր վաւերացուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ, սակայն, ան նաեւ չէր դիմած Սահմանադրական ատեան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրաւունքի ուժով փոխուած էր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը։ Իր կարգին, զօրավար Օննիկ Գասպարեան այդ ամբողջ վիճելի կարգադրութիւնները որոշած էր բողոքարկել երկրի դատական իշխանութիւններուն մօտ։

Երէկ, Հայաստանի Վերաքննիչ վարչական ատեանը բաւարարեց Օննիկ Գասպարեանի բողոքը։ Այսպէսով բեկանուեցաւ Վարչական ատեանի դատաւոր Լիանա Յակոբեանին կողմէ 22 մարտին արձակուած դատավճիռը։ Այդ դատավճռին մէջ Օննիկ Գասպարեանի փաստաբաններուն վերադարձուած էր Արմէն Սարգսեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ ներկայացուած բողոքը։ Դատաւոր Լիանա Յակոբեան յանգած էր այն եզրակացութեան, որ իրաւունքի ուժով ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօնէն ազատուած Օննիկ Գասպարեանի դիմումը չի կրնար քննուիլ։ Օննիկ Գասպարեան պահանջած էր զինքը պաշտօնէ զրկելու ուղղեալ հրամանագրի առ ոչինչ ճանաչումը։ Այդ պահանջը դատաւոր Լիանա Յակոբեանի կողմէ բաւարար չէր նկատուած՝ այն պատճառաբանութիւնով, որ փաստաթուղթ մը գոյութիւն չունէր։

Այդ փուլէն վերջ Օննիկ Գասպարեան դիմած էր Հայաստանի Վերաքննիչ վարչական ատեան, որու դատաւորներէն Կարէն Աւետիսեան երէկ արձակեց իր վճիռը՝ յանգած ըլլալով այն եզրակացութեան, թէ Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման հրամանագրի նախագիծը, որ չէ վաւերացուած հանրապետութեան նախագահին կողմէ, բայց նաեւ չէ ուղարկուած Սահմանադրական ատեան, ինքնին կը համարուի իրաւական փաստաթուղթ մը, որով տեղի ունեցած է Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկումը։ Այս պայմաններուն ներքեւ Օննիկ Գասպարեան հնարաւորութիւն կ՚ունենայ Վարչական ատեանին մէջ բարձրացնելու զինքը իրաւունքի ուժով պաշտօնազրկելու ուղղեալ տնօրինութեան իրաւաչափութեան ստուգման հարցը։

Այս աղմկարար դատական գործընթացը յառաջիկայ շրջանին տակաւին պիտի շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դառնալ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021