ԳԱԳԱԹՆԱՅԻՆ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան սկսաւ հայկական երգահանութեան արուեստի 12-րդ փառատօնը։ Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան։

Փառատօնի մեկնարկին հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը, որու որակեալ կատարումները արժանացան երաժշտասէրներու ջերմ ծափողջոյններուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան համերգի ընթացքին Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը ղեկավարեց յայտնի երաժիշտ մը՝ խմբավար ու դաշնակահար Վահագն Պապայեան։ Որպէս մենակատար նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ յայտնի ջութակահար Հայկ Կազազեան։ Հնչեցին Ղազարոս Սարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Ճիւան Տէր-Թադէոսեանի ստեղծագործութիւնները։

Այս փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած է երեք համերգ։ Վահագն Պապայեան նշեց, որ այս փառատօնը կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է երաժշտասէրներուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, սա առիթ կ՚ընձեռէ ունկնդրելու այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնք յաճախ չեն հնչեր։ «Կը ներկայացուին գործեր, որոնք երբեմն նոյնիսկ մասնագէտներուն անծանօթ են։ Գուցէ այս կամ այն ստեղծագործութիւնը յօրինողի համար անցողիկ է, սակայն փառատօնին կը լրացուին այն բացերը, որոնք կան հեղինակներու ամբողջական ընկալման համար», ըսաւ ան։ Այս տարուան փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ 22 մայիս։ Ան նաեւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի հայ երիտասարդ յօրինողներու ստեղծագործութիւններն ալ հնչեն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021