ԴԷՊԻ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄ

Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ վերջին շրջանին արձանագրուած մեղմացման զուգահեռ՝ Թուրքիայէն պատուիրակութիւն մը այսօր կ՚այցելէ Եգիպտոս։ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ թրքական պատուիրակութիւնը այս երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին քաղաքական խորհրդակցութիւններ կը կատարէ եգիպտական կողմին հետ։ Եգիպտոսի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Համտի Սանատտ Լոզայի կողմէ կը գլխաւորուի հիւրընկալ կողմի պատուիրակութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջերս տեղեկացուցած էր, որ Եգիպտոս Թուրքիայէն պատուիրակութիւն մը հրաւիրած է։ Անցեալ ամսուան կէսին Չավուշօղլու տեղեկացուցած էր, որ երկու երկիրներու լրաքաղութեան ծառայութիւններուն միջեւ բացուած է շփումներու պատուհան մը եւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջոցաւ յառաջ տարուի այդ շփումներուն շարունակութիւնը։ Չավուշօղլու նշած էր, որ առաջին հերթին փոխ-նախարարներու մակարդակով շփում մը ծրագրուած է, իսկ աւելի վերջ հաւանական է իր հանդիպումը Եգիպտոսի պաշտօնակցին հետ։

Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները 2013 թուականէն ի վեր փոխադարձ ձեւով հաւատարմատարներու մակարդակին վրայ յառաջ կը տարուին։ Այս ընթացքին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ զանազան առիթներով կարճ հանդիպումներ տեղի ունեցան։ Անգարայի մօտ Եգիպտոսի դեսպանութիւնը եւ Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոսութիւնը, ինչպէս նաեւ Գահիրէի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութիւնը եւ Աղեքսանդրիոյ մօտ աւագ հիւպատոսութիւնը կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Առաւել չափով Եգիպտոսի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններով պայմանաւորուած հանգամանքներու բերումով Թուրքիա դրսեւորած էր վերապահութիւն։ Յաջորդող շրջանին, միջազգային իրադարձութիւններու ալ ազդեցութեամբ, Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ նոր սկիզբի մը գետինը պատրաստուեցաւ։ Երկար ընդհատումէ մը վերջ, Ազգային մեծ ժողովէն ներս ալ վերստեղծուեցաւ Թուրքիա-Եգիպտոս բարեկամութեան երեսփոխանական խումբը։

Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, թրքական պատուիրակութեան ներկայ այցելութեան ընթացքին բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուի Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ քայլերը՝ թէ՛ երկկողմանի եւ թէ տարածքաշրջանային հարթութիւններու վրայ։

Մինչ Միջերկրականի արեւելքին վերաբերեալ իրադարձութիւնները առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնեն միջազգային օրակարգին վրայ, Թուրքիա եւ Եգիպտոս կը համարուին տարածքաշրջանային կարեւոր դերակատարներ։ Սետաթ Էօնալի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան Եգիպտոս մեկնելէն անմիջապէս առաջ Թուրքիայէն աւելի բարձր մակարդակով պատուիրակութիւն մը նախընթաց օր անակնկալօրէն այցելեց Լիպիա։ Միջերկրականի արեւելքի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ այս երկիրն ալ ունի կարեւոր նշանակութիւն եւ վերջին տարիներուն այնտեղ հաստատուած են թրքական զօրքեր։ Թրապլուսի մէջ վերջերս նոր ղեկավարութիւն մը ձեւաւորուած է եւ անոր ներկայացուցիչները հանդէս կու գան արտասահմանեան բոլոր երկիրներու զօրքերը երկրէն դուրս բերելու ուղղեալ յայտարարութիւններով։ Թէ որքանո՞վ գործադրելի են այդ բոլորը, յառաջիկայ շրջանին պիտի պարզուի։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, որ նախընթաց օր մեկնած էր Թրապլուս, երէկ հակազդեց այդ յայտարարութիւններուն դէմ։ Իր խօսքով՝ Լիպիոյ մէջ թրքական զօրքերու ներկայութիւնը կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ Թուրքիոյ Արեւելեան Միջերկրականի իրաւունքներուն, հետաքրքրութիւններուն եւ շահերու պաշտպանութեան տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, տարածքաշրջանի պարագային խնդրոյ առարկայ են նոր խմորումներ։ Այս իրավիճակին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Անգարա-Գահիրէ համագործակցութեան վերստին թափ ստանալը։

Միւս կողմէ, թրքական պատուիրակութեան Գահիրէ այցելութեան ընդառաջ, երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին հետ։ Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախագահը եւ թագաւորը անդրադարձած են երկկողմանի օրակարգի խնդիրներուն եւ կանգ առած՝ համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ քայլերու վրայ։ Անոնք համաձայն գտնուած են, որպէսզի երկխօսութեան միջոցները բաց պահուին՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ առկայ խնդիրներու յաղթահարման նպատակով։

Նախագահ Էրտողանի եւ Սելման թագաւորի միջեւ նախորդ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած էր 21 նոյեմբեր 2020 թուականին։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021