ԹՌՉՈՂ ԲԱՃԿՈՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուած է թռչող բաճկոն՝ լեցուած հելիումով։ Այսպէս, ամերիկացի Էնտրու Քոսթմըն նորարարութեամբ հանդէս եկած է՝ ներկայացնելով փչովի եւ թռչող բաճկոն մը, որ միակն է իր տեսակին մէջ, կը գրէ «Luxury Launches» պարբերականը:

«Հելիում-10.000» կոչուող բաճկոնը պատրաստուած է նոյն մեքենականութիւնով, ինչպէս սովորական փուչիկը: Չնայած պարզ բաղադրութեան՝ հեղինակը գաղտնի  կը պահէ, թէ իրականութեան մէջ նորարարութիւնը ի՛նչ նիւթէ պատրաստուած է, որ թոյլ կու տայ բաճկոնին օդ բարձրանալուն պէս մթնոլորտի ազդեցութեան հետեւանքով չպայթիլ:

Հեղինակի խօսքով՝ հելիումով լեցուած թռչող բաճկոնի գնորդներուն կը տրամադրուի նաեւ յատուկ սարքաւորում, որ հնարաւորութիւն կու տայ զայն մէկ քանի անգամ լիցքաւորելու:

Քոսթմընի պնդմամբ՝ իր նորարարութիւնը նախատեսուած չէ զանգուածային օգտագործման համար: Աւելի՛ն, ընդհանուր առմամբ կ՚արտադրուի բաճկոնի միայն հարիւր օրինակ: Ներկայիս ան կը գտնուի փորձարկման փուլի մէջ, սակայն կարճ ժամանակ անց կը ներկայացուի ֆութուրիստական իրերու սիրահարներու դատին:

Բաճկոնը կ՚արժէ 10 հազար ամերիկեան տոլար եւ հասանելի կ՚ըլլայ հինգ գոյնով, ինչպէս՝ ոսկեգոյն, արծաթագոյն, վարդագոյն, սպիտակ եւ սեւ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021