ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Ռուս նախարարը երկրի ղեկավարութեան հետ կը վարէ բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Մայիսի 10-11-ին ալ ռուս նախարարը պիտի այցելէ Ատրպէյճան, ինչ որ նախապէս հրապարակուած էր Մոսկուայի դիւանագիտական աղբիւրներուն կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Սերկէյ Լաւրովի Երեւանի հանդիպումներուն ընթացքին հանգամանօրէն կը քննարկուի երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Կողմերը կ՚անդրադառնան նաեւ միջազգային հարթութիւններու վրայ համագործակցութեան շուրջ հարցերու։

Ըստ Մարիա Զախարովայի, բանակցութիւններու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը առաջնահերթ նիւթ կը դառնայ։ Այս կապակցութեամբ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններու գործադրման ընթացքը կը քննարկուի։

Սերկէյ Լաւրով Երեւանի մէջ կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Այսպէս, երկու նախարարները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ հանդէս կու գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Վաղը նախատեսուած է նաեւ Լաւրովի հանդիպումը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Մինչ յետպատերազմեան շրջանին Ատրպէյճան կը ձգձգէ հայ ռազմագերիներու վերադարձը, Լաւրովի այցելութեան ընդառաջ այս ուղղութեամբ տեղի ունեցաւ նորութիւն մը։ Երէկ երեկոյեան Պաքուէն երեք հայ ռազմագերի վերադարձաւ Հայաստան։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ այս բանը կարելի եղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն շնորհիւ եւ միջազգային հանրութեան հետզհետէ աճող ճնշման պայմաններուն ներքեւ։

Կը հաղորդուի, որ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչներն ալ փութացած են երէկ վերադարձած գերիներու այցելութեան։

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ Ատրպէյճանի բանակի շարքերուն կռուած եւ ձերբակալուած սուրիացի երկու վարձկաններու դատավարութիւնը աւարտին հասաւ Սիւնիքի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանին մօտ։ Ըստ դատավճռին, անոնք ցմահ ազատազրկման դատապարտուեցան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021