ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՑՈՒՑԱՆԻՇՆԵՐ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտարարեց, որ կանխատեսումներու բաղդատմամբ աւելի դրական զարգացման միտումներ կը նկատուին երկրի տնտեսութեան մէջ։ Ան երէկ Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին տեղեկացուց, թէ Կեդրոնական դրամատան կանխատեսումներով՝ 12 ամսուայ գնաճը կարճաժամկէտ արագացումէ վերջ աստիճանաբար պիտի նուազի եւ պիտի կայունանայ չորս տոկոսի ցուցանիշին շուրջ։ Սա արդէն որդեգրուած նպատակներուն համապատասխան համեմատութիւն մըն է։

Բաց աստի, Մարթին Գալստեան նշեց, որ վարկաւորման տոկոսադրոյքի որոշակի աճ մը կը կանխատեսուի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Մարթին Գալստեան նշեց, որ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան խորհուրդը երէկուան նիստին որոշած է բարձրացնել վերագանձատրման տոկոսադրոյքը 0.5 տոկոսային կէտով՝ սահմանելով 6 առ հարիւր։

Ըստ Մարթին Գալստեանի այս պահու դրութեամբ, Կեդրոնական դրամատան գնահատականներուն բաղդատմամբ՝ վարկաւորման ծաւալները աւելի առաջանցիկ են։

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021