ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ՈՒԺԵՐԸ…

Տարուայ ցուրտ եղանակներուն մարդու մարմինը կ՚ենթարկուի բազմաթիւ բացասական գործօններու ազդեցութեան, որոնց շարքին կը դասուի ցուրտ եղանակը եւ սթրեսի բարձր մակարդակը։ Նման բացասական ազդեցութեան հետեւանքներէն խուսափելու համար հարկաւոր է տարուայ տաք եղանակներուն ընդառաջ անպայման միջոցներ ձեռնարկել մարմնի ուժերը վերականգնելու համար։ Ինչպէս կը գրէ «medikforum.ru» կայքէջը։

Ամրան ընդառաջ ուժերը վերականգնելու եւ դիմադրողականութեան համակարգը ամրապնդելու լաւագոյն միջոցը ցորենէ, գարիէ եւ վարսակէ պատրաստուած յատուկ ալիւրի գործածութիւնն է։ Այս հացահատիկները հարկաւոր է խառնել հաւասար քանակութեամբ, այնուհետեւ մանրացնել ու ալիւր դարձնել։ Ստացուած ալիւրի մէկ թէյի դգալին անհրաժեշտ է աւելցնել ջուր, թողնել խառնուրդը քանի մը ժամ, որպէսզի թրմուի, որմէ յետոյ քաղցրացնել մէկ դգալ մեղրով ու խմել։

Մասնագէտներու խօսքով՝ այս չորս բաղադրիչի համադրութեան շնորհիւ այս ըմպելիքը կը պարունակէ բոլոր այն բաղադրիչները, որոնց պակասը կ՚ունենայ մարմինը տարուայ ցուրտ ամիսներէն յետոյ, ուստի զայն օգտագործելը թոյլ կու տայ սնուցել մարմինը անհրաժեշտ տարրերով ու վերականգնել ուժերը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021