Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԻՖԹԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ այսօր մայրաքաղաք Անգարա հրաւիրուած են Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչները։ Նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ անոնց համար իֆթարի սեղան մը նախատեսուած է Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Էրտողան այս առթիւ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր եւ աշխարհական ներկայացուցիչներուն հետ կ՚արծարծէ անոնց տեսակէտէ օրակարգային զանազան հարցեր։
Սոյն իֆթարին կը մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։
Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021