ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԲԱԶՄԱԲԵՒԵՌ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՍՏԵՂԾՄԱՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքար երէկ հանդիպում մը ունեցան Կոայի մէջ։ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Հաւաքը կազմակերպուած էր Հնդկաստանի տանտիրութեամբ։ Անոնք բարձր գնահատեցին Ռուսաստան-Հնդկաստան ռազմավարական գործընկերութեան առանձնապէս արտօնեալ առանցքային ուղղութիւններուն վրայ համագործակցութեան թափը։ Կողմերը հաստատեցին նաեւ իրենց նպատակադրումը՝ ուժեղացնելու համար համակարգման միջոցառումները, որպէսզի ընդհանուր մօտեցումներ մշակեն միջազգային կարեւորագոյն հարթակներու վրայ։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, համաձայնութիւն գոյացաւ՝ հետեւիլ միջպետական յարաբերութիւններու արդար, բազմաբեւեռ համակարգի ստեղծման ուղեգծին։