ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Ուաշինկթընի մերձակայ Արինկթընի մէջ կազմակերպուած՝  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի քառօրեայ բանակցութիւնները երէկ եզրափակուեցան։ Ինչպէս սկիզբին, այնպէս ալ եզրափակիչ փուլին ներկայ էր Էնթընի Պլինքըն։ Խտացեալ ու ծաւալուն քննարկումներէ վերջ Երեւանի, Պաքուի եւ Ուաշինկթընի կողմէ կատարուեցաւ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութիւնը գրեթէ նոյնանման է։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով ներկայացուցած են իրենց տեսակէտները առկայ իրավիճակին շուրջ եւ յայտնած են իրենց դիրքորոշումները յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Նախարարները եւ անոնց ընկերակից խումբերը փոխըմբռնման յառաջընթաց ունեցած են՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրումը նախատեսուած խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին երկկողմանի համաձայնագրի նախագծի որոշ յօդուածներուն շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ արձանագրուած է, որ շարք մը առանցքային հարցերու պարագային դիրքորոշումները կը մնան տարամէտ։ Երկու նախարարները ամերիկեան կողմին յայտնած են իրենց գնահատանքը՝ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար։ Միրզոյեան եւ Պայրամով համաձայնած են քննարկումները շարունակելու ուղղութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Էնթընի Պլինքընն ալ բանակցութիւններու աւարտին տեղեկացուց, որ խտացեալ քննարկումներէ վերջ կողմերը էական յառաջընթացի հասած են բարդ խնդիրները լուծելու հարցին մէջ։ «Երկկողմանի եւ եռակողմանի խտացեալ ու շինիչ քննարկումներէ յետոյ կողմերը էական յառաջընթացի հասած են բարդ հարցերը լուծելու ուղղութեամբ։ Երկուքն ալ անկեղծ հաւատարմութիւն դրսեւորած են յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ երկու երկիրներու միջեւ երկարատեւ հակամարտութեան դադրեցման համար», նշած է Պլինքըն, որու խօսքով՝ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան սկզբունքօրէն համաձայնած են որոշ պայմաններու շուրջ եւ աւելի լաւ կը հասկնան իրարու դիրքորոշումները չլուծուած հարցերու պարագային։ Պլինքըն Միրզոյեանին եւ Պայրամովին առաջարկած է՝ վերադառնալ իրենց մայրաքաղաքները, իրենց կառավարութիւններուն հետ միտքեր բաժնեն այն մասին, թէ յաւելեալ բարի կամքի, ճկունութեան ու փոխադարձ զիջման պարագային համաձայնութիւնը հասանելի է։ Պետական քարտուղարը ընդգծեց, թէ կողմերը պիտի շարունակեն ստանալ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը՝ ամուր ու տեւական խաղաղութեան հասնելու իրենց ջանքերուն մէջ։

Ի լրումն այս բոլորին, Էնթընի Պլինքըն ընդգծեց, որ արտաքին գործոց նախարարները վերջին քանի մը օրերուն շատ բարդ հարցեր քննարկած եւ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրած են։ «Թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան կ՚ընդունին, որ տեւական, կայուն խաղաղութեան հասնելու միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է։ Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին կողմերը շատ ծանր հարցեր քննարկած են եւ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրած՝ տեւական խաղաղութեան պայմանագրի հարցին մէջ։ Կը յուսամ ու կը կարծեմ, թէ անոնք ալ ինձ նման կը հասկնան, որ գոյութիւն ունի տեսանելի եւ հասկնալի համաձայնութիւն։ Այդ բանին հասնիլը, ըստ իս, պիտի ըլլայ ո՛չ միայն պատմական քայլ, այլեւ մեծապէս պիտի բխի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու շահերէն ու շատ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նոյնիսկ այդ երկու երկիրներու սահմաններէն դուրս։ Կը կարծեմ՝ բանակցութիւններու թափը եւ այստեղ մեր գործընկերներուն կողմէ դրուած հիմքը ցոյց կու տան, որ մենք մօտ ենք համաձայնութեան հասնելու», նշեց պետական քարտուղարը։

Բաց աստի, Պլինքըն դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր մարաթոնի վերջին մղոնը միշտ ալ ամենադժուարն է։ «Մենք բոլորս գիտենք այս բանը։ Սակայն ԱՄՆ այստեղ է, որպէսզի շարունակէ օգնել մեր երկու բարեկամներուն՝ հատելու համար եզրագիծը։ Դարձեալ կ՚ըսեմ, ըստ իս, մենք շատ մօտ ենք այդ բանին։ Այս բոլորը դիւրին չէ, բայց, յառաջ երթալու, մնացած հարցերը քննարկելու յանձնառութիւնը, վճռականութիւնը իրական են։ Եւ այս օրերու քննարկումներէն կ՚եզրակացնենք, որ շատ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրած ենք ու մենք պատրաստ ենք օգնելու մեր բարեկամներուն», յայտնեց Պլինքըն։

Բանակցութիւններու եզրափակման զուգահեռ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքն ալ հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանին։ Ան անիրատես համարեց այս փուլին կողմերու միջեւ վերջնական համաձայնութիւնը։ Արդարեւ, առկայ են բազմաթիւ չկարգաւորուած խնդիրներ։ Ան կարեւորեց յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը՝ շեշտելով, որ առանց այս խնդրի կողմերու համար գոհացուցիչ ձեւով կարգաւորման՝ անկարելի է հասնիլ տեւական խաղաղութեան։

«Ես չեմ խօսիր Լեռնային Ղարաբաղի համար անկախութեան մասին։ Չեմ կարծեր, թէ այս հարցը դրուած է բանակցային սեղանին վրայ՝ յատկապէս Ատրպէյճանի տեսանկիւնէն։ Բայց կրնայ ըլլալ ինքնորոշման որոշակի աստիճան մը, որ ընդունելի ըլլայ Պաքուի համար։ Ցայսօր շատ բարդ հարց եղած է Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, որ կը նշանակէ ընդունիլ, թէ Լեռնային Ղարաբաղ Ատրպէյճանի մասն է։ Այսօր Հայաստան կը շարժի այդ ուղղութեամբ, իսկ թէ ինչպիսի՞ ձեւակերպում մը սա պիտի ստանայ փաստաթուղթին մէջ, տակաւին յայտնի չէ։ Պաքուն ալ պէտք է ցոյց տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պիտի ըլլայ ինքնորոշման որոշակի մակարդակ մը, որպէսզի սա ընդունելի ըլլայ Հայաստանի համար։ Կարեւոր հիմնախնդիր կը համարուի Լաչինի միջանցքի հարցը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը կապուի Հայաստանի հետ։ Ոչ ոք կը սպասէ, որ Լեռնային Ղարաբաղն ու այնտեղի տէ-ֆաքթօ իշխանութիւնները պարզապէս հրաժարին այն ամէն ինչէն, որու համար պայքարած են վերջին տասնամեակներու ընթացքին», ըսաւ Ուորլիք եւ աւելցուց, որ բանակցային գործընթացի կարեւոր հարցերէն մին է նաեւ ռուս խաղաղապահներու պարագան, ինչ որ Ռուսաստանի ներգրաւուածութեան հետ փոխկապակցուած է։

ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումը նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ տարածաշրջանին համար։ Ան համոզուած է, թէ պէտք է նկատի ունենալ ստեղծուած նուրբ իրավիճակը։ Ըստ Աքարի, թէեւ հակամարտութիւնը ներկայիս սառած է, սակայն ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգը կը մեծնայ՝ որքան որ կ՚երկարի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումը։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023