ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԻՏԱԼԻԱ ՄԻՋԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԸ

Հռոմի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Իտալիա միջկառավարական յանձնաժողովին առաջին նիստը։ 6-8 Յունիսին տեղի պիտի ունենան աշխատանքները, որոնց ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Հայաստան-Իտալիա գործարար համաժողովը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։

Պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի գտնուին նաեւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան, Մշակոյթի փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեան, Փոխադրութեան, կապի ու տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու փոխ-նախարար Արման Խաչատուրեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017