ՌԱՔՔԱՅԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ

Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները իւրաքանչիւր քայլափոխին քիչ մը աւելի կը ճիւղաւորուին եւ հարցականները քիչ մը եւս կը խորանան։ Մինչ Սուրիոյ ճգնաժամը տարիներէ ի վեր առաջնահերթօրէն կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը, շաբաթավերջին արդէն յայտնի դարձաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները գործողութիւններու ձեռնարկած է՝ Ռաքքա քաղաքը ազատագրելու համար «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն (ԻՇԻՊ)։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ տեղեկացուց, որ Յուլիսի 2-ի գիշերը ամերիկեան զօրքերը ձեռնարկած են գործողութեան։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը գործողութիւններու մեկնարկէն առաջ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցած է թրքական կողմին։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պինալի Եըլտըրըմ ընդգծեց, որ այս գործողութիւնը արդէն նախապէս ծրագրուած էր եւ հիմա ալ սկսած է։ Ռաքքայի գործողութեան պարագային Թուրքիա համամիտ չէ ԱՄՆ-ի կողմէ որդեգրուած եզրին հետ։ Այս հարցին շուրջ Անգարա բոլոր մակարդակներու վրայ արտայայտած է իր անհանգստութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, ամերիկեան կողմը Ռաքքայի գործողութեան համար կը համագործակցի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի հետ, որ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շառաւիղն է։ Այս հանգամանքը ծայր աստիճան կ՚անհանգստացնէ թրքական կողմը։ Վարչապետ Եըլտըրըմ յայտարարութիւններուն մէջ յիշեցուց նաեւ Ուաշինկթընի կողմէ այս խնդրին շուրջ Թուրքիոյ ներկայացուած չքմեղանքները։ Այսպէս, ըստ ամերիկեան կողմին, սա նախընտրութիւն մը չէ, այլ ստիպողութիւն մը։ Այս գործողութենէն վերջ անկարելի է, որ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի հետ յարաբերութիւնները տեւականացուին երկարաժամկէտ։ Սա մարտավարական համագործակցութիւն մըն է։ «Մեզի անհրաժեշտ երաշխիքները տրուած են։ Թէ ի՞նչ են այդ երաշխիքները։ Այն զէնքերը, որոնք կ՚օգտագործուին այս գործողութեան համար, աւելի վերջ մեր երկրէն ներս ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքը պիտի չանցնին։ Մենք մօտէն կը հետեւինք գործընթացին։ Մեր տեսանկիւնէն կայ անփոփոխ ռազմավարութիւն մը։ Մեր երկրէն ներս կամ դուրս, մեր երկրին դէմ սպառնացող ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումները, ինչպէս որ ալ կոչուին, մեզի համար բոլորը նոյնը կը համարուին ու մեր թիրախը կը հանդիսանան», ըսաւ Եըլտըրըմ։

Իր բացատրութիւններուն մէջ վարչապետը նշեց, որ ամերիկեան կողմը տեղեկացուցած է, թէ անպայման հետամուտ պիտի ըլլայ իր կողմէ տրուած երաշխիքներուն։ Իր կանխատեսումներով, ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի հետ համագործակցութիւնը ապագային լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ ԱՄՆ-ի տեսակէտէ։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի կողմէ ձեռնար-կըւած Ռաքքայի գործողութեան ծիրէն ներս առաջին հերթին արդէն խզուած են այն ճանապարհները, որոնց միջոցաւ ԻՇԻՊ կը կապուէր Սուրիոյ միւս քաղաքներուն։ Ցամաքէն այս գործողութիւնները յառաջ կը տարուին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ, որոնք իրենց հակակշռին տակ առած են նաեւ Ազատութեան ջրամբարի շրջակայքը։ Ցամաքային զօրքերը արդէն հասած են քաղաքի յարակից թաղամասերը եւ բուն գործողութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ օրերուն։ Թրքական եւ ռուսական զանազան աղբիւրներ վերջին օրերուն տեղեկացուցած էին նաեւ, որ Ռաքքայի գործողութիւններու մեկնարկի նախօրեակին ՓԵՏ-ԵՓԿ-ականները ապահոված են՝ որպէսզի ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները մասնաւոր նրբանցքի մը միջոցաւ հեռանան Ռաքքայէն։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017