ՀԱՅՐ ԵՂԻԱ ՔԻԼԱՂՊԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ
Կը տեղեկանանք, որ Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան վերջին օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Իսթանպուլ, ուրկէ ալ մեկնած է Երեւան։
Շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ ընդամէնը շուրջ մէկուկէս օր մնացած է Իսթանպուլի մէջ։ Այդ ընթացքին ան տեսակցած է Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հետ, որ Վատիկանի կողմէ ընդհանուր կառավարիչ նշանակուած է Մխիթարեան միաբանութեան համար։ Պատասխանելով Զէքիեան Գերապայծառի հետ ծաւալած քննարկումներու բովանդակութեան վերաբերեալ մեր հարցման՝ Հայր Եղիա Ծ. Վարդապետ Քիլաղպեան նշեց, որ ընդհանուր առմամբ շօշափած են Մխիթարեան միաբանութեան շարք մը ներքին հարցերը։
Հայր Եղիա Ծ. Վարդապետ Քիլաղպեանին հարց տուինք, թէ չէ՞ այցելած Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունը կամ որեւէ ձեւով չէ՞ հանդիպած Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի կամ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի հետ։ Ի պատասխան ան յայտնեց, թէ իր կեցութիւնը այնքան կարճ էր, որ ժամանակը բաւարար չէ եղած այլ որեւէ շփման համար, ուստի ինք միայն տեսակցած է Զէքիեան Գերապայծառին հետ։