ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Շուրջ մէկ ժամ տեւեց այս հանդիպումը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Մօտաւոր անցեալին ԱՄՆ-ի կառավարութենէն ներս փոփոխութեան ենթարկուեցաւ արտաքին գործոց նախարարը եւ այս պատճառով հանդիպումը ուշացաւ։ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ ամերիկացի պաշտօնակցին երէկուան հանդիպման օրակարգի հիմնական նիւթն էր Մենպիչի առկայ վիճակը։ Արդարեւ, անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ թեւը՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի տարրերը ներկայիս հակակշռի տակ կը պահեն Մենպիչը, ինչ որ խոր անհանգստութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ այս խնդիրը միջոցէ մը ի վեր տարակարծութիւններու ու նոյնիսկ վստահութեան պակասի մը տեղի տուած է։ Նախարար Չավուշօղլուի եւ Պետական քարտուղար Փոմփէոյի երէկուան հանդիպումը լուրջ անկիւնադարձ մըն էր՝ այս հարցը կարգաւորելու առումով։ Արդարեւ, Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է Մենպիչի խնդիրը կարգաւորելու եւ այդ շրջանը ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործելու ուղղութեամբ։ Կողմերը այս նպատակով ճանապարհային քարտէս մըն ալ որդեգրած են։

Ըստ Ուաշինկթընէ հասած լուրերուն, նախարարները երէկ հաւանութիւն տուին այն ճանապարհային քարտէսին, որ անցեալ շաբաթ վերջնական տեսքի բերուած էր՝ դիւանագէտներու աշխատանքի հիման վրայ։ Նախարարները երէկ պայմանաւորուեցան՝ որպէսզի ճանապարհային քարտէսը գործադրուի եւ դաշտի վրայ տեղի ունենալիք իրադարձութիւնները առարկայ դառնան անոնց անմիջական ուշադրութեան։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի կողմէ որդեգրուած ծրագրով կ՚ենթադրուի՝ վեց ամիսէն աւելի կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին Մենպիչը մաքրագործել ահաբեկչական տարրերէ։ Ըստ Չավուշօղլուի, որդեգրուած ճանապարհային քարտէսը կը բաղկանայ երեք փուլէ։ Այսպէս, նախապատրաստական աշխատանքներէ վերջ, ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի տեղական տարրերու դուրս բերման ուղղեալ ծրագրաւորումը պիտի վերջանայ։ Աւելի վերջ Թուրքիա եւ ԱՄՆ տեղւոյն վրայ պիտի տեղակայեն իրենց անվտանգութեան ու լրաքաղութեան տարրերը՝ միշտ մնալով համագործակցութեան մէջ։ Երրորդ՝ եզրափակիչ փուլին ալ Անգարա եւ Ուաշինկթըն զինուորական համատեղ դիտարկումներով պիտի երաշխաւորեն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։

Մայք Փոմփէոյի հետ տեսակցելէ վերջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ զրուցեց թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան յիշեցուց ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին ԱՄՆ-ի կողմէ տրուած ու չյարգուած խոստումները։ «Եթէ այս ճանապարհային քարտէսը գործադրուի, ապա մենք պիտի սկսինք ձերբազատուիլ՝ ԱՄՆ-ի հետ մեր յարաբերութիւնները խոչընդոտող տարրերու մէկէն», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ աշխատանքները սկսած էին ԱՄՆ-ի նախկին պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի հետ, սակայն պիտի աւարտին Մայք Փոմփէոյի հետ։ «Ես այս նիւթին շուրջ որեւէ մտահոգութիւն չունիմ։ Մայք Փոմփէոն ալ կը գիտակցի Թուրքիոյ կարեւորութեան», ըսաւ Չավուշօղլու։

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018