ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարգար Էսաեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար դարձեալ թեկնածու առաջադրուած է ԱՔ կուսակցութեան կողմէ։ Ան, ինչպէս անցեալ անգամ, այս անգամ եւս նոյն ընտրաշրջանէն նոյն կարգի վրայ թեկնածու ցոյց տրուած է։

Նոր շրջանի սեմին Մարգար Էսաեան կը թարմացնէ շփումները իր ընտրազանգուածին, նաեւ մեր համայնքային շրջանակներուն հետ։ Երէկ ան շրջայց մը կատարեց Շիշլիի շրջանի համայնքային հաստատութիւններէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ Էսաեան այցելեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Իրեն ընկերացան ԱՔ կուսակցութեան շրջանային մասնաճիւղէն ներկայացուցիչներ։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Մարգար Էսաեան անդրադարձաւ յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններուն եւ խօսեցաւ իր նախընտրական ծրագրին շուրջ։ Զրոյցի ընթացքին ան մատնանշեց, որ ինք ցայսօր չէ նախընտրած աշխատիլ բոլոր քայլերը բարձրաձայնելով, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային միշտ նեցուկ կանգնած է մեր համայնքին եւ անոր իրաւունքներուն։ Ան ընդգծեց, որ յառաջիկայ շըր-ջանին ալ հաւատարիմ պիտի մնայ նոյն զգայնութիւններուն։

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018