Պատանի հանդիսատեսի թատրոնի բեմ կԸ բարձրանաՅ «Կարմրամորթ առաջնորդի փրկագինը» ներկայացումը

Աշխարհահռչակ ամերիկացի գրող Օ. Հենրիի «Կարմրամորթ առաջնորդի փրկագինը» պատմուածքի հիման վրայ իրականացուած համանուն բեմադրութիւնը թատերասէրներուն հնարաւորութիւն կու տայ մեծահասակներու մէջ փնտռել մանուկները եւ թոյլ չտալ, որ հասուն մարդիկ կորսնցնեն իրենց  երազները:

Ներկայացման առաջնախաղը տեղի կ՚ունենայ Յունիսի 8-ին, Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Պատանի հանդիսատեսի թատրոնի մամուլի ծառայութենէն,  ներկայացման բեմադրիչ Արթուր Սարիբէկեան նշած է, որ այս գործը քիչ բեմադրուած է Երեւանի մէջ: «Որքան գիտեմ, Օ. Հենրիի «Կարմրամորթ առաջնորդի փրկագինը» պատմուածքը Երեւանի մէջ քիչ բեմադրուած է, եւ այդ փաստը կրկնակի պարտաւորեցնող է: Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ առաջին անգամ եմ կ՚աշխատիմ որպէս բեմադրիչ: Զիս հրաւիրեց թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանը: Եւ պէտք է ըսեմ, որ մեծ հաճոյք է համագործակցիլ այս թատրոնի դերասաններու ու անձնակազմի հետ», ըսած է ան:

Խօսելով բեմադրական աշխատանքներու մասին՝ Սարիբէկեան շեշտած է. «Փորձած ենք այնպէս ընել, որ իւրաքանչիւր տեսարան անսպասելի ըլլայ: Հետաքըրք-րական բեմանկարչական լուծումներ առաջարկած է երիտասարդ բեմանկարիչ Մարիամ Մուրատեան: Մեր պատմութեան չարաճճի հերոսները, անշուշտ, կը գրաւեն փոքրերու ուշադրութիւնը, իսկ մեծերուն կը յիշեցնեն իրենց անհոգ մանկութիւնը: Այս աշխատանքի ըսելիքը հետեւեալն է՝ մեծերու մէջ փնտռել մանուկները, լոյս աշխարհ հանել ու չթողուլ, որ անոնց մէջ վերանան երազները»ը:

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018