ՎԱՂԸ ԿԸ ՏՕՆԵՆՔ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Վաղը՝ 6 յունիսին տարեդարձը կը տօնենք Արամ Խաչատուրեանի։ Ան հայ ժողովուրդն ու հայկական մշակոյթը համաշխարհային հռչակի արժանացնող եւ միջազգային արուեստասէր հասարակութեան սիրելի դարձնող մեծանուն հայն է։

Հայ թէ օտար արուեստաբաններու ընդհանուր եւ միաձայն գնահատականով՝ Արամ Խաչատուրեան 20-րդ դարու երաժշտական արուեստի մեծ ներկայացուցիչներէն մէկն է, որ իրաւամբ կը նկատուի «հայկական նոր երաժշտահանական դպրոց»ի հիմնադիրը:

Մեծատաղանդ եւ ոգեշունչ արուեստագէտն է Արամ Խաչատուրեան, որ իր բարձրարուեստ ստեղծագործութեամբ եւ խմբավարի, մանկավարժի ու նուիրեալ երաժիշտի մեծարժէք վաստակով՝ 20-րդ դարու երաժշտական արուեստին մէջ նոր, լայնահուն եւ հեռանկարային ուղիներ հարթեց ու հայ անունին պատուաբեր տեղ ապահովեց՝ համաշխարհային տարողութեամբ։

Իր ներշնչումն ու երաժշտական աւիշը առնելով հայկական երաժշտարուեստի ազգային հարուստ աւանդոյթէն՝ Արամ Խաչատուրեան ստեղծեց նորարարական իր արուեստը, որ հարստացուց 20-րդ դարու դասական երաժշտութեան գանձարանը՝ «կենսայորդ խոհեր եւ յոյզեր, կիրք եւ կամք մարմնաւորող» իր գեղարուեստական ժառանգութեամբ։

Արամ Խաչատուրեան ծնած էր Քոջորի (Թիֆլիզի մերձակայքը), 6 յունիս 1903 թուականին։ Ծնողները սերած էին հինաւուրց Գողթան գաւառէն, որ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի կողմէ գովերգուած է իբրեւ շնորհալի երգիչ-երաժիշտներու հայրենիքը: Հայրը՝ Եղիա Խաչատուրեան Վերին Ազա գիւղէն էր. պատանի տարիքէն բնակելով Թիֆլիզ՝ հայրը տիրապետած էր կազմարարի արհեստին եւ ամուսնացած էր նոյն Նախիջեւանի Ներքին Ազա գիւղի ծնունդ Ղումաշի հետ: Համեստ կազմարար Եղիայի չորս որդիներուն աւագը՝ Սուրէնը, ճանչցուած թատերական գործիչ էր, բեմադրիչ։ Լեւոն որդին՝ երգիչ էր: Արուեստասէր այս ընտանիքը պիտի փառաբանուէր ծնունդովը ընտանիքի կրտսեր որդւոյն՝ Արամի:

Վարպետին իսկ վկայութեամբ ու խոստովանութեամբ, մանկութեան տարիներու տպաւորութիւնները՝ ժողովրդական երաժշտութեան հարուստ մթնոլորտը, ժողովրդական տօնակատարութիւնները, առօրեայ կենցաղի մէջ հնչող աշուղներու երգն ու նուագը իրենց խոր դրոշմը դրած են անոր երաժիշտի կազմաւորման վրայ։

Պատանեկութեան այդ տարիներուն, Թիֆլիզի բազմերանգ երաժշտական կենցաղին մէջ թարմ էին Կարա-Մուրզայի, Մակար Եկմալեանի եւ, յատկապէս, Կոմիտասի համերգներուն տպաւորութիւնները:

1913 թուականին տաղանդաւոր պատանին ընդունուած է Թիֆլիզի առեւտրական դպրոցը, բայց իր նախընտրութիւնը միշտ ալ եղած է երաժշտութիւնը։ Որոշ ժամանակ ինքնաշխատութեամբ փողային գործիքներ նուագելը սորվելով՝ պատանի Արամ ընդունուած է տեղական փողային նուագախումբի մը մէջ։ 1915-ին Խաչատուրեաններու ընտանիքը գաղթած է Կրասնոտար, Խաչատուրեանի մեծ եղբօր մօտ։ Ապա ընտանիքը վերադարձած է տուն։

1921-ին, Արամ Խաչատուրեանի մեծ եղբայրը՝ Սուրէնը զինք տարաւ Մոսկուա, ուր մինչ այդ ձայնանիշերն իսկ չգիտցող Արամը ընդունուեցաւ «Կնեսինի երաժշտական քոլէճ»ը։

Շուտով բացայայտուեցաւ Արամի երաժշտահանի (քոմփոզիթէօր) տաղանդը եւ 1925-ին Կնեսին առաջարկեց Արամին՝ երաժշտահանական վարպետութեան դասերու հետեւիլ։ 1929-ին Արամ ընդունուեցաւ Մոսկուայի երաժշտանոցը։ Արամ երաժշտանոցը աւարտեց փայլուն գնահատականներով եւ ստեղծեց իր առաջին խոշոր աշխատանքը՝ «Առաջին սիմֆոնի»ն։ Այս շրջանին ան ստեղծագործեց երաժշտական երկեր թատրոնի համար, մեծ մասամբ «Վալենսիական այրի» շարքը եւ «Դիմակահանդէս»ը, իսկ աւարտական տարիներու ընթացքին՝ «Դաշնամուրի եւ սիմֆոնիք նուագախումբի համար» համերգը։

1939-ին Խաչատուրեան գրեց իր առաջին պալէն, որ սկիզբը «Ուրախութիւն» անունը ունէր, իսկ յետագային վերանայուեցաւ եւ վերանուանուեցաւ «Գայիանէ»՝ իր կարեւոր տեղը գրաւելով Արամ Խաչատուրեանի մեծագոյն գործերու շարքին։

1936-1947 թուականները ամենաբեղունը եղան Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործական կեանքին մէջ։ Ան գրեց երաժշտութիւն՝ տրամաթիք ներկայացումներու եւ շարժանկարներու համար։ Նաեւ՝ երգեր, եկեղեցական երաժշտութիւն եւ սիրուած «Ջութակի համերգ»ը։

1941-ին հրապարակուեցաւ վարպետի մեծահռչակ «Երկրորդ սիմֆոնի»ն, 1943-ին՝ «Թաւջութակի եւ սիմֆոնիք նուագախումբի համար» համերգը, 1946-ին՝ «Երրորդ սիմֆոնի»ն եւ 1947-ին՝ «Պոետիկ սիմֆոնի»ն։

1940-ականներուն ան շրջեցաւ ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը՝ Սեն Փեթերսպուրկ, Քիեւ, Երեւան, Թիֆլիզ, Սոչի, Խարքով։ 1950-ին մեկնեցաւ Հռոմ, որ դարձաւ վարպետին համաշխարհային շրջագայութեան առաջին քաղաքը։ Յետագայ տարիներուն ան շրջագայեցաւ քառասուն երկիր՝ բոլոր մայրցամաքներու վրայ։ Եղաւ նաեւ Յունաստան։ Իր շրջագայութիւններու ընթացքին վարպետը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ հանրայայտ մշակութային գործիչներու հետ. ինչպէս՝ Էրնեստ Հեմինկուէյ, Չարլի Չափլին, Սալվատոր Տալի եւ այլք։ 50-ականներէն սկսեալ Արամ Խաչատուրեան թափ տուաւ իր ուսուցչական գործունէութեան՝ Կնեսինի հիմնարկին եւ Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ։

Աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատուրեան իր շրջագայութիւններու ժամանակ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է երկիրներու նախագահներու, արքայական ընտանիքներու հետ, անոնցմէ ստացած է հետաքրքրական առաջարկներ, ինչպէս նաեւ արժէքաւոր նուէրներ:

1956-ի դեկտեմբեր 27-ին Խաչատուրեանի գլուխգործոցներէն աշխարհահռչակ «Սպարտակ»ը առաջին անգամ բեմադրուեցաւ Կիրովի բեմին վրայ։

1973-ին պաշտօնական մեծ շուքով եւ Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին նշուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 70-ամեակը։

Վարպետը մահացաւ 1978 թուականի մայիսի 1-ին եւ յաւերժական իր հանգիստը գտաւ Երեւանի «Կոմիտաս» զբօսայգիի պանթէոնին մէջ՝ հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներուն՝ Կոմիտասի, Իսահակեանի, Սարեանի եւ միւս անմահներու կողքին։

Մեծն Արամ Խաչատուրեանի տարեդարձը այս տարի Երեւանի մէջ կը նշուի տարբեր ձեւաչափով։ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան օրը անոր գործերը կը հնչեն Երեւանի զանազան հատուածներու մէջ։ Երեւանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը իր առաքելութիւնը շարունակելու համար կ՚օգտուի նորագոյն տեղեկատուուութեան փորձագիտութիւններու հնարաւորութիւններէն, որոնք այսօր առաւել արդիական են եւ պահանջուած։ Տուն-թանգարանը առցանց ծրագիրներ կ՚իրականացնէ թէ՛ թանգարանէն ներս եւ թէ դուրս։

Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան օրուայ առթիւ՝ յունիսի 6-ին երեւանցիներ պիտի կարենան ունկնդրել Արամ Խաչատուրեանի յօրինումները՝ քաղաքի զանազան հատուածներուն մէջ։ Այս անգամ տուն-թանգարանը միանալով ԱՐԼՈՒՊԱ կազմակերպութեան՝ հնարաւորութիւն կու տայ ունկնդրել մեծ յօրինողի տասը ստեղծագործութիւնները:

Բջիջային հեռաձայնին ներբեռնելով ԱՐԼՈՒՊԱ-ի յաւելուածը եւ գտնուելով յաւելուածի քարտէսին նշուած վայրին մէջ՝ (օրինակ՝ Հիւսիսային պողոտայ, Հանրապետութեան հրապարակ, Ա. Խաչատուրեանի յուշարձան, Խաչատուրեան փողոց եւ այլն) կարելի է վայելել յօրինողի անմահ ստեղծագործութիւնները: Ամէն կէտի վրայ կը հնչէ մէկ ստեղծագործութիւն։ Կարելի է տեսանիւթ նկարել եւ զայն տեղադրել ընկերային ցանցերու վրայ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020