ՎԻՊԱԳԻՐ ՖՐԱՆՑ ՔԱՖՔԱ
Յայտնի վիպագիր Ֆրանց Քաֆքա ծնած է 3 յուլիս 1883 թուականին, Փրակի մէջ, Չեխիա։ Հայրը՝ Հերմանն Քաֆքա վաճառական էր։ Մայրը՝ Եուլիա Քաֆքա աւելի զարգացած կին մըն էր քան իր ամուսինը։ Ընտանիքի անդամները գերմանախօս էին եւ իրենց զաւակները կը քաջալերէին գերմաներէն խօսելու։ Հերմանն եւ Եուլիա ունէին 6 զաւակներ, որոնց անդրանիկը Ֆրանցն էր։
Հերմանն Քաֆքա կենսագիրներու կողմէ նկարագրուած է որպէս անձնասէր վաճառական մը, իսկ Ֆրանց Քաֆքայի գրութիւններուն մէջ նկարագրուած է որպէս «իսկական Քաֆքա իր ուժով, առողջութեամբ, պերճախօսութեամբ, անձնական գոհունակութեամբ, տիրապետութեամբ եւ գիտակցութեամբ մարդոց հանդէպ»։ Աշխատանքային օրերու ընթացքին, իրեն ծնողները կը բացակայէին տունէն եւ այդ պատճառով ալ ան իր մանկութեան օրերուն գրեթէ միշտ առանձին մնացած է։ Քաֆքա հաշտ չէր հօրը հետ եւ այդ մէկը կը փաստուի իր հարիւրէ աւելի նամակներուն մէջ, որոնք ուղարկուած էին հօրը։ Նամակներուն մէջ ան կը գանգատի իր հօր մենատիրական նկարագիրէն։ Մայրը, հակառակ իր հօրը, լուռ եւ վերապահ կին մըն էր։ Ֆրանցի հօր կերպարանքը մեծ ազդեցութիւն ունեցած էր իր գրութիւններուն վրայ։
1889-էն մինչեւ 1893, Քաֆքա յաճախած է գերմանական նախակրթարան դպրոց: Նախակրթարանը աւարտելէ ետք 1893-ին, կը սկսի ակադեմական երկրորդական վարժարան: Քաֆքա նաեւ կը սորվի ու կը գրէ չեխերէն: Թէեւ չեխերէնի տիրապետելուն համար կը գնահատուի, սակայն ան ինքզինք երբեք անթերի չի նկատեր:
Փրակի համալսարանը կ՚ընդունուի 1901-ին, ուր կը սկսի տարրաբանութիւն ուսանիլ, սակայն երկու շաբաթ ետք, կը սկսի փաստաբանութիւն ուսանիլ։ Քաֆքա չէր հետաքրքրուած իր ընտրած մասնագիտութեամբ, բայց փաստաբանութիւնը իրեն գործի առիթներ կ՚ապահովէր, որոնք կը գոհացնէին իր հայրը։ Փաստաբանութեան ուսումնառութեան տարիներուն, կը հետեւի նաեւ արուեստի պատմութեան դասընթացքներու։ Ֆրանց Քաֆքա մաս կը կազմէ աշակերտական ակումբներու, որոնք գրականութեան ձեռնարկներ կը կազմակերպէին։
1918-ին կը սկսի հանգստաթոշակ ստանալ, որովհետեւ այդ օրերուն հիւծախտը լուծում կամ բուժում չունէր եւ Ֆրանց իր ժամանակը կ՚անցընէր բուժարաններու մէջ:
Քաֆքա մեծ վախ ունէր, որ մարդիկ զինք մտային եւ ֆիզիքական հիւանդ նկատէին: Սակայն զինք ճանչցողները կ՚ըսեն, թէ ինք ունէր լաւ եւ առողջ միտք մը: Քաֆքա անկեղծ էր իր գրութիւններուն մէջ, մանաւանդ երբ կը խօսէր մարդ արարածին, անոր խոր եւ անգիտակից գաղտնիքներուն ու երազներուն մասին:
Ֆրանց Քաֆքային առողջութիւնը կը սկսի վատթարանալ, բուժումը կը սկսի 10 ապրիլին տքթ. Հոֆմանի բուժարանին մէջ, որ կը գտնուէր Վիեննայէն ոչ հեռու՝ Քիէրլինկ քաղաքը։
Իր այս վիճակին մէջ Ֆրանց Քաֆքա կը սկսի գրել ու խմբագրել «A Hunger Artist» պատմութիւնը մինչեւ որ կոկորդը ամբողջութեամբ կը փակուի եւ ան երբեք չի կրնար ուտել: Ան սովամահ կ՚ըլլայ, որովհետեւ Քաֆքայի կոկորդը զինք կ՚արգիլէր ուտելէ եւ բժշկութիւնը դեռ չէր զարգացած։ Բժիշկները չեն կրնար իրեն օգնել: 3 յունիս, 1924-ին կը մահանայ։ Անոր մարմինը կը փոխադրուի Փրակ, ուր կը թաղուի 11 յունիս, 1924-ին: Իր կեանքի ընթացքին, Ֆրանց ծանօթ անձնաւորութիւն մը չէր, սակայն իրեն համար հռչակաւոր ըլլալը կարեւոր չէր: Բայց Քաֆքա շուտով նշանաւոր կը դառնայ իր մահէն ետք: