ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԴԻՄԵՆ ԴԱՏԱՐԱՆ

 

Լուսաւորիչ երգչախումբի բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան երէկ մեր նկատառման յանձնեց մեր կրթական կեանքին վերաբերեալ կարեւոր խնդիր մը, որ, սակայն, համայնքային շրջանակներու ուշադրութենէն զերծ մնացած է։ Յակոբ Մամիկոնեան, որ միեւնոյն ժամանակ բազմամեայ երաժշտութեան ուսուցիչ մըն է, մեր նկատառման յանձնեց Էսաեան վարժարանի վերաբերեալ շարք մը խնդիրներ։ Այսպէս, վերջին շրջանին Էսաեան վարժարանի ուսուցչական կազմէն դուրս թողուած են խումբ մը կրթական մշակներ։ Պաշտօնական զեկուցումով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ կատարուած են այդ կարգադրութիւնները։ Ընթացքին, համաճարակով պայմանաւորուած արտասովոր մթնոլորտին մէջ այդ կրթական մշակները արդէն չեն կրցած պաշտօնավարել ուրիշ վարժարանի մը մէջ։ Ստիպողաբար ընդհատուած առաքելութեան առընթեր, գործէ հանուած կրթական մշակները թաղային խորհուրդէն չեն կրցած ստանալ նաեւ իրենց հատուցումները, որոնք կը համարուին օրինական իրաւունք։ Նկատի ունենալով, որ թաղային խորհուրդին կողմէ ատեն-ատեն իրենց տրուած են երաշխիքներ, անոնք համբերութիւն ցուցաբերած են, սակայն ապարդիւն։ Ըստ իրեն, սոյն դժուարութիւններուն ենթարկուած կրթական մշակներու շարքին է նաեւ դպրոցի նախկին բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան։ 


Ստեղծուած իրավիճակին մէջ տուժած կրթական մշակները պատրաստած են մեր համայնքին ուղղեալ հակիրճ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ նշուած է, թէ պարտաւորուած են դիմել դատական ճանապարհի։ Խնդրոյ առարկայ դատավարութիւնները յառաջիկայ շրջանին պիտի սկսին՝ զանազան թուականներով։ 

Էսաեանի արդէն գործէ հանուած կրթական մշակները այս խնդրի պատշաճ լուծման համար կ՚ակնկալեն նաեւ Պատրիարքական Աթոռի զօրակցութիւնը։

 

Շաբաթ, Յունիս 5, 2021