ՀԱՐՈՒՍՏ ՊԱՇԱՐՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական աւետիսը տուաւ՝ Սեւ ծովու մէջ յայտնաբերուած բնական կազի պաշարներուն շուրջ։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ Սաքարիայի մօտակայքին Թուրքիա յայտնաբերած է բնական կազի նոր պաշար մը, որմէ յառաջիկայ շրջանին արդիւնահանումները պիտի սկսին։ 135 միլիառ խորանարդ մեթրի կը հասնի այդ պաշարը։  

Ընդհանուր առմամբ, վերջին շուրջ տասն տարուան ընթացքին Սեւ ծովու մէջ Թուրքիա յայտնաբերած է 540 միլիառ խորանարդ մեթր ծաւալով բնական կազ։ Սա արդէն այնպիսի հսկայական քանակութիւն մըն է, որ կրնայ բաւարարել երկրի 12-13 տարուայ բնական կազի կարիքը։ Սա Թուրքիոյ տրուած արդէն երրորդ կազի «աւետիսն» է։

Շաբաթ, Յունիս 5, 2021