ՍՊԻՏԱԿ ԷՋ ՄԸ…

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր արդէն գործնականապէս կը ձեռնարկէ աշխատանքի։ Երէկ, Եկեղեցական համագումար ժողովի աւարտին Գումգաբուի մէջ ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ձայներու 13-11 յարաբերակցութեամբ առաւելութեան հասաւ համագումարի քուէարկութեան արդիւնքով եւ ընտրուեցաւ տեղապահ։ Այս իրադարձութիւնը լաւատեսութեամբ համակած է համայնքային շրջանակները, իսկ Պատրիարքական Աթոռը թարմ եռանդով մը ձեռնամուխ կ՚ըլլայ 85-րդ գահակալի ընտրութեան կազմակերպչական աշխատանքներու շարունակութեան։ Կարճ խօսքով սպիտակ, մաքուր էջ մը բացուած է մեր հաւաքական կեանքէն ներս։

Տեղապահի ընտրութիւնով Պատրիարքական Աթոռի ղեկավարման դրութեան մէջ կ՚ըլլայ հիմնական փոփոխութիւն։ Նախ եւ առաջ, Աթոռի միակ օրինական մարմնի՝ Կրօնական ժողովի դիւանին ու կառուցուածքին մէջ կ՚ըլլայ փոփոխութիւն։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այլեւս կը դառնայ Կրօնական ժողովի նախագահը՝ ընտրուած ըլլալով տեղապահ։ Ուստի, Կրօնական ժողովի համար կ՚ընտրուի նոր ատենապետ մը եւ կը համալրուի նաեւ անոր կազմը։ Նորընտիր տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր իսկ նիստի հրաւիրած է Կրօնական ժողովը։ Ան առաջին անգամ կը նախագահէ Կրօնական ժողովի նիստին։ Աւելորդ է ըսել, որ տեղապահի ընտրութիւնով այլեւս գոյութիւն ունենալէ դադրած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի տիտղոսը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շուրջ տասն տարիներուն այդ հանգամանքով գործած էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ ստանձնելով Աթոռին ղեկը։ Տեղապահի ընտրութեամբ ինքնաբերաբար կը դադրի այդ հանգամանքը։ Այստեղ, ըստ երեւոյթին, թէեւ ամէն ինչ շատ բնական է, սակայն համայնքէն ներս կարգ մը շրջանակներ, չես գիտեր ինչու, այս բնականոն երեւոյթին կապակցութեամբ հանդէս կու գային թերահաւատութեամբ ու նոյնիսկ վէճերով։ Յամենայնդէպս, այդ խնդիրը արդէն վերջացած է։ Կրօնական ժողովի այսօրուան նիստին նաեւ կարգադրութիւններ կ՚ըլլան, որպէսզի փոխանցում-ստանձնում մը տեղի ունենայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ։ Պատրիարքական Աթոռի անունով պաշտօնապէս ստորագրութիւն դնելու լիազօրութիւնը յետ այսու պիտի վիճակի Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին եւ այդ հանգամանքը պէտք է գտնէ իր վերահաստատումը՝ ըստ պաշտօնական ընթացակարգերու։

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019