«ԵՐԵՔ ՉԷԶՈՔ, ԵՐԿՈՒ ԹՇՆԱՄԻ»

Ընտրութիւններու արդիւնքները ամփոփելու ժամանակ՝ պէտք է պատասխանել բազմաթիւ հարցումներու, որոնց շարքին, կը կարծեմ, առաջնայինը հետեւեալն է։ Ինչպէ՞ս ստացուեցաւ, որ իշխանական ընտրազանգուածի ներկայացուցիչները կ՚ըսեն՝ «աւելի լաւ է՝ Հայաստանը դառնայ Թուրքիոյ մաս, բայց Նիկոլը մնայ, թէ չէ կու գան նախկինները»։ Այլ կերպ ըսուած՝ ինչպէ՞ս եղաւ, որ մեր հայրենիքի զգալի մասի եւ հազարաւոր հայորդիներու կորուստը, Ատրպէյճանի բանակի Հայաստանի տարածք ներխուժումը մարդոց համար պակաս կարեւոր է, քան այլ հարցեր։

Նախ պէտք է ընդունիլ, որ այդ երեւոյթը նոր չէ։ Երբ 1994 թուականին մեր բանակը յաջողեցաւ ազատագրել հայրենիքի որոշ մասը, սա առանձնապէս չուրախացուց մեր բնակչութիւնը։ Մարդիկ չէին ուզեր տեսնել այդ յաղթանակը, չէին ուզեր զայն փայփայել, անոնք կեդրոնացած էին պատերազմի ժամանակ իրենց կրած զրկանքներուն վրայ եւ անսասան ատելութեամբ լեցուած էին Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի դէմ, այսինքն՝ պետութեան ղեկավարի եւ զինեալ ուժերու հրամանատարի դէմ, որու օրով տեղի ունեցաւ այդ պատմական յաղթանակը։

Ճիշդ նոյն ձեւով 2021 թուականին քաղաքացիներու մէկ մասը չկարեւորեց խայտառակ պարտութիւնն ու կորուստները։ Այն ղեկավարը, այն քաղաքական ուժը, որու պատճառով այդ բանը տեղի ունեցաւ, դարձեալ ստացաւ ձայներու մեծամասնութիւնը։ Ուրեմն՝ հայրենիքը, անոր անվտանգութիւնը չեն մտներ մարդոց առաջնահերթութիւններուն մէջ։ Պատահական չէ, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները, անոնց քարոզիչներն ու արբանեակները կը խօսին ոչ թէ այն մասին, որ ինչպէս պէտք է վերականգնել Արցախի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, հոգ տանիլ տասնեակ հազարաւոր փախստականներուն. անոնց նիւթն է հաշուեյարդարը, «պողպատէ լիազօրութիւնը», պատժելը, վրէժ լուծելը։ Ինչո՞ւ իշխանական շրջանակները այս բոլորի մասին կը խօսին։

Շատ պարզ. որովհետեւ այդպիսին է հասարակական պատուէրը։ Անոնք կ՚ըսեն այն, ինչ որ իրենց լսարանը կը պահանջէ։ Նման իրավիճակի անմիջական պատճառը պարզ է. մարդիկ վրդովուած են, խորապէս նեղացած են այն ստորացումներէն, ապօրինութիւններէն, կամայականութիւններէն, որոնք եղած են նախորդ տասնամեակներու ընթացքին։ Բայց սա չի կրնար ամբողջութեամբ բացատրել, թէ ինչո՞ւ քաղաքացիներու ստուար հատ-ւածին համար այդ նեղուածութիւնը եւ վրէժի ծարաւը աւելի կարեւոր են, քան պետութիւնն ու հայրենիքը։ Խնդիրը աւելի խոր է եւ արժէքային համակարգի մէջ է։

Այս երեսուն տարուայ ընթացքին դպրոցի ուսուցիչները, համալսարանի դասախօսները, արուեստագէտները, գիտնականները եւ, ի հարկէ, մենք՝ լրագրողներս չենք կարողացած ապահովել քաղաքացիական գիտակցութեան գոնէ այն մակարդակը, որ կար, ի հեճուկս պաշտօնական գաղափարախօսութեան, նախորդ դարաշրջանին։ Հոգեւոր կեանքի այն խտութիւնը, որ կար Հայաստանի մէջ 1970-80-ական թուականներուն, բերաւ 88 թուականի շարժման։ Այդ շարժումը որոշ բաներ մերժելէ բացի ունէր աւելի կարեւոր առաքելութիւն՝ կը հաստատէր պետականութիւնը եւ Արցախի ազատագրումը։ Յետոյ եկան համընդհանուր մերժման, ատելութեան, նիհիլիզմի (ոչնչապաշտութեան) տասնամեակները, որոնց արտայայտման գագաթնակէտը դարձած է այս իշխանութիւնը։

Բայց այդ դարաշրջանն ալ, կարծես թէ, մօտ ժամանակներս պիտի աւարտի։

*

(…) Անթալիայի մէջ հանդիպեցան Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները։ Բնականաբար, Հարաւային Կովկասը անոնց քննարկման միակ նիւթը չէր։ Լաւրովն ու Չավուշօղլուն խօսեցան նաեւ Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի խնդիրներուն շուրջ։ Մասնաւորապէս, Աֆղանիստանի մէջ կը սկսի լարուածութեան նոր շրջափուլը եւ սա անպայման պիտի անդրադառնայ ՀԱՊԿ-ի անդամ Տաճիկիստանի անվտանգութեան վրայ։

Տէ, իսկ Թուրքիան, ինչպէս յայտնի է Ասիոյ եւ նոյնիսկ Ափրիկէի զանազան հատուածներէն ներս, մշտապէս հետաքրքրութիւններ ունի։ Այդ բոլոր խնդիրները, ի հարկէ, պէտք է դիտարկել համալիր ձեւով, որովհետեւ դիւանագիտութիւնը, ինչպէս յայտնի է, առեւտուր է՝ բան մը կու տաս, բան մը ստանալու պայմանով։ Ինձ կը թուի՝ մեծ գործարքի շրջանակներէն ներս Թուրքիան եւ Ռուսաստանը, այսպէս ըսուած, «փոխանակած են» Սուրիան ու Արցախը՝ առաջինի պարագային թուրքերը զիջած են, երկրորդի պարագային՝ ռուսերը։

Ըստ այդմ, Լաւրով իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ ինչպէս Աղտամի մէջ կ՚աշխատի մշտադիտարկման ռուս-թրքական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ նշեց, որ Էրտողանի այցը Շուշի (Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի ձեւակերպումով՝ Ատրպէյճան) երկու պետութիւններու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու հարց է։ Այնպէս չէ, որ Լաւրովի նման փորձառու դիւանագէտի համար տեսանելի չէ այդ հարցի սադրիչ բնոյթը, բայց ան, ի հարկէ, որեւէ ցանկութիւն չունէր այդ հարցը սրելու։

Մէկ խօսքով՝ Ռուսաստան հաշտուած է այն մտքին հետ, որ Թուրքիան այս ձեւով (նաեւ՝ ռազմական բաղադրիչով) ներկայ է Հարաւային Կովկասի մէջ։ Լաւրով նաեւ դրուատիքի խօսքեր ըսաւ Ալիեւի եւ Էրտողանի գաղափարի մասին՝ ստեղծել «3+3» հարթակը, որուն կը մասնակցին Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւնները՝ Իրանը, Ռուսաստանը եւ Թուրքիան։ Այդ ձեւաչափը, եթէ զայն կոչուած է որոշ հարցերու մէջ փոխարինել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, գոնէ առաջին հայեացքով, մեզի համար այնքան ալ ձեռնտու չէ՝ 3 «չէզոք» երկիր եւ 2 թշնամի։

Բոլոր դէպքերով առաջարկը, որքան գիտեմ, որեւէ յստակ պատասխանի չէ արժանացած Հայաստանի կողմէ։ Պարզ է, որ որեւէ ձեւով արձագանգելու համար պէտք է առնուազն ունենալ արտաքին գործոց նախարարութիւն, որ Հայաստանի մէջ գրեթէ լուծարուած է, ինչ որ զարմանալի է մեր վիճակին մէջ։ Բացի այդ, ցանկալի է, որ կառավարութիւնը նման հարցերու շուրջ խորհրդակցի մասնագէտներու հետ՝ զարգացած երկիրներու մէջ նման պարագաներու համար գոյութիւն ունին անկախ մասնագիտական կեդրոններ։ Բայց Հայաստանին ո՛չ դիւանագէտներ պէտք են, ոչ մասնագէտներ։ Հայաստանի մէջ կայ միայն մէկ դիւանագէտ ու մասնագէտ։ Եւ այդ մէկ մարդը… դուք գիտէք, թէ ով է։

*

Շիրակի մարզէն ներս անասուններու շրջանին մէջ սիպիրեան խոցի դէմ պայքարելու համար պէտք է աշխատիլ։ Խոսրովի անտառներուն մէջ հրդեհները հանգեցնելու համար պէտք է ջանքեր գործադրել։ Որպէսզի Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքէն ներս ծորակէն կոյուղիի ջուր չգայ, պէտք է զբաղիլ այդ վթարով։ (Ի դէպ, ոեւէ մէկը այլեւս չի՞ ցանկանար այդ ջուրը խմցնել բնապահպանութեան նախարարին կամ ալ թափել Երեւանի քաղաքապետի վրայ։ Ակնյայտօրէն, մեր հասարակական կազմակերպութիւնները կորսնցուցած են իրենց նախկին խանդավառութիւնը)։

Մէկ խօսքով, աշխատիլը բարդ է՝ ահրաժեշտ է արհեստավարժութիւն, մասնագիտական հմտութիւններ, ջանասիրութիւն։ Օրինակ, Արմէն Չարչեանի փոխարէն ոեւէ կաշիէ բաճկոնաւոր «կոմիսար» չի կրնար վիրահատութիւններ ընել, որովհետեւ վիրաբոյժները սովորաբար մուրճով չեն աշխատիր։ Դիւանագէտի փոխարէն ոեւէ փողոցային հռետոր բանակցութիւններ չի վարեր, դատաւորի փոխարէն ոչ ոք գործի հանգամանքները ծանր ու թեթեւ կ՚ընէ, նոյնիսկ եթէ հոգով-սրտով հաւատարիմ է յեղափոխութեան գաղափարներուն։

Իսկ ի՞նչն է դիւրին ընել։ Հեշտը խօսիլն է յօդս ցնդելը։ «Ժողովուրդը», ըստ երեւոյթին, երեք տարի առաջ այս իշխանութիւններուն տուած է օդի մէջ խօսելու լիազօրութիւն եւ յունիսի 20-ին այդ լիազօրութիւնը հաստատած է։ Ի՞նչ բանի մասին կը սիրեն խօսիլ իշխանութիւնը, անոր քարոզիչներն ու քծնողները։  Տէ, ամենասիրուած նիւթը՝ ինչպէս յայտնի է, «նախկինները պատժելն» է։ Ընդ որում, քանի որ երեք տարի այդ մասին կը խօսուի եւ առանձնապէս բան մը չի կատարուիր, հիմա այդ «պատժելու» թեզը քիչ մը ձեւափոխուած է։ «Առաջ մենք բարի էինք, ներողամիտ եւ ասոր համար պատժելը լաւ չէր ստացուեր, իսկ ահա հիմա ամէն ինչ այլ կերպ պիտի ըլլայ։ Քանի որ մեր չստացուելու հիմնական մեղաւորները դատաւորներն էին, ուրեմն մենք կը փոխենք բոլոր դատաւորները եւ նոր դատաւորները «կը փակեն» բոլոր մեր ըսած մարդիկը»։

«Գործողութիւնը» յանձնարարուած է Գագիկ Ջիհանկիրեանին, որ, ի հարկէ, լաւ մասնագէտ է եւ կը հասկնայ, թէ որքան վերացական են այդ ծրագրերը եւ հաշուեյարդարի, «դատական համակարգը զերոյէն կառուցելու», «օրէնքի մենատիրութեան» մասին ամբոխահաճ խօսակցութիւններէ այն կողմ գործը յառաջ չ՚երթար։ Ի դէպ, նոյնքան կեանքէ կտրուած եւ ոչ-արհեստավարժ են «ապօրինի գոյքի բռնագանձման» մասին դատողութիւնները։ Ցանկալի է, որ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի փաստացի ղեկավարը, զոր նշանակած են չափէ դուրս ինքնուրոյն Ռուբէն Վարդազարեանի փոխարէն, այս բոլորը հասցնէ իշխանութիւններու ականջին։

Տեսականօրէն, այո, հնարաւոր է արձակել բոլոր դատարանները, ստեղծել հաւատարիմ ՔՊ-ականներէ (իշխանամէտները) բաղկացած «թրոյքաներ» եւ «բըռ-նել տալ» մարդիկ ըստ այն ցուցակին, զոր այդ «թրոյքաներուն» կ՚ուղարկէ Փաշինեանը՝ ամբոխի հրճուալից աղաղակներու տակ։ Բայց այդ փորձը շատ վատ կը վերջանայ մեր պետութեան եւ յատկապէս իշխանութեան համար։ Պարզ է, որ նման բան չի ալ ըլլար։ Պարզապէս կը խօսին։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Համադրութիւն՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 1,2,3 յուլիս 2021 թիւերու խմբագրականներու

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021