ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԵՒՍ ՏԱՍՆՀԻՆԳ ԳԵՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Շաբաթավերջին Ատրպէյճան Հայաստանին վերադարձուց եւս 15 ռազմագերի։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ ռազմագերիներու վերադարձի յապաղման հարցը կը շարունակէ նուրբ նշանակութիւն ունենալ։ Վերջին անգամ Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն միջոց մը առաջ Ատրպէյճան 15 հայ ռազմագերի վերադարձուցած էր հայկական կողմին։ Այս շաբաթավերջին Պաքու դարձեալ 15 հայ ռազմագերի յանձնեց Երեւանին։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ այդ ռազմագերիները վերադարձուած են իրեն։ Հայկական կողմը այս կապակցութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Մոսկուային։ Հայ ռազմագերիները փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանը։ Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն պաշտօնապէս հրապարակեց այդ 15 ռազմագերիի անունը. բոլորն ալ Շիրակի մարզէն։
Հայկական կողմը, միեւնոյն ժամանակ, տեղեկացուց, որ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում՝ Ատրպէյճանին փոխանցուած է Ֆիզուլիի եւ Զանգելանի շրջաններու ականապատ տարածքներու քարտէսները։
Պաքուն ալ պաշտօնապէս հաստատեց, որ 15 հայ գերի վերադարձուցած է։ Ատրպէյճանի աղբիւրներուն մէջ ալ շեշտուեցաւ, որ ականապատուած տարածքներու քարտէսներ ներկայացուած են իրեն։
Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները այս կապակցութեամբ քննադատութիւններով հանդէս կու գան՝ պնդելով, որ գերիներու վերադարձը արդէն հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած ստիպողութիւն մըն է, իսկ ականապատ գօտիներու քարտէսներու վերադարձը կը համարուի պետական գաղտնիքներու փոխանցում։
Յամենայնդէպս, գերիներու վերադարձի խնդիրը հայկական կողմին տեսակէտէ կը շարունակէ նուրբ նշանակութիւն ներկայացնել։ Ատրպէյճան շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ վերադարձուած գերիներու ենթարկուած պատժամիջոցներու ժամկէտները արդէն աւարտած էին։ Վերջին օրերուն Պաքուի Ծանր ոճրագործութիւններու ատեանին մօտ ալ տեղի ունեցաւ շարք մը հայ ռազմագերիներու դատավարութիւնը։ Ատրպէյճան զանոնք դատեց որպէս ահաբեկիչ։ Բանտարկութեան պատիժներ սահմանուեցան զանազան ժամկէտներով այդ գերիներուն համար։
Հայկական կողմը կը շարունակէ զանազան հարթակներու վրայ այս խնդիրը արծարծուած պահել։ Երեւանի իշխանութիւններու կողմէ գործադրուած ջանքերուն առընթեր, վերջին օրերուն այս խնդիրը օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Վատիկանի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու հաւաքը։ Անթիլիասի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վատիկանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը խնդրած է, որ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը միջամտէ եւ իր նպաստը բերէ հայ գերիներու վերադարձի հարցին։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՀԱՃԻԵՒ
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնականներէն Հիքմէթ Հաճիեւ, որ նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժինը կը ղեկավարէ, շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, ըստ որոնց այսօր Երեւանն ու Պաքուն կայունութեան եւ որպէս արդիւնք՝ փոխադարձ բարգաւաճման հնարաւորութիւններ ունին։ Ան կարեւորեց «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծումը՝ պարզաբանելով, որ այդ մէկուն բացումով պիտի աւարտի Նախիջեւանի մեկուսացումը։ Այսպէսով Հայաստանն ալ ցամաքային ճանապարհով, Ատրպէյճանի տարածքով պիտի կարողանայ կապուիլ Ռուսաստանի եւ աշխարհի այլ երկիրներու։
Հիքմէթ Հաճիեւ յոյս յայտնեց նաեւ, որ այս լայնածաւալ վերափոխման շրջանին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը չի մնար անցեալի մէջ, այլ կը կարողանայ դառնալ ապագայի մաս։ Անոր փորձառութիւնը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ «Վստահութեան ամրապնդման բոլոր միջոցառումները կրնան յանգեցնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագրի», ըսաւ Ալիեւի օգնականը եւ աւելցուց, որ խաղաղութեան ու համագործակցութեան փոխարէն վրէժխնդրութեան փորձերը կրնան նոր աղէտի եւ ողբերգութեան պատճառ դառնալ։
Շաբաթավերջի գերիներու յանձնման եւ քարտէսներու ներկայացման վերաբերեալ իրադարձութեան լոյսին տակ Հիքմէթ Հաճիեւ ըսաւ. «Մենք պէտք չէ կանգ առնենք այս դիւանագիտական յառաջընթացին վրայ։ Պէտք է դիմակայութիւնը վերածենք համագործակցութեան։ Քանի որ յառաջիկային դեռ շատ աշխատանք ունինք»։