ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նորընտիր նախագահ Աշոտ Սաղեան Երեւանի մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ իր նոր պաշտօնին կոչուելէ վերջ։ Ակադեմիայէն ներս հերթի առողջ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է, որովհետեւ նորընտիր նախագահի առաջին մամլոյ ասուլիսին անոր կողքին էր ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան, որ այժմ արդէն ակադեմիայի նախկին նախագահն է։ Մինչ այդ, Ռադիկ Մարտիրոսեան արդէն նշանակուած է ակադեմիայի նախագահութեան աւագ խորհրդական։

Աշոտ Սաղեան ակադեմիայի նախագահ ընտրուելէ վերջ կատարած առաջին յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ բարդ խնդրի մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգը կը զբաղեցնէ Հայաստանի մէջ։ Այսպէս, ան յոյս յայտնեց, թէ վերջերս ընտրուած Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին օրէնքը կը վերադարձուի քննարկման դաշտ։ 64-ամեայ Սաղեան յայտնեց, որ օրէնքը ուժի մէջ չէ մտած, Հանրապետութեան նախագահը զայն վիճարկած է Սահմանադրական ատեանի մօտ։ «Ճիշդ կ՚ըլլայ, որ վերադարձնեն քննարկման դաշտ եւ ակադեմիան այստեղ լուրջ մասնակցութիւն պէտք է ունենայ։ Ակադեմիան պէտք է պահպանուի՝ որպէս հիմնարար օղակ, որ կը համախմբէ գիտական ներուժը։ Ճկուն քաղաքականութիւն պէտք է վարէ եւ աշխոյժ գործունէութիւն պէտք է ծաւալէ։ Տեսնենք ինչ կը ստացուի։ Յամենայնդէպս, մենք պատրաստ ենք պայքարելու, պահելու այն աւանդոյթները, որոնք գոյութիւն ունեցած են ակադեմիայէն ներս։ Ի հարկէ, անոնք վերափոխուելով պէտք է շարունակուին դէպի այսօրուան պահանջները», ըսաւ Սաղեան։

Ակադեմիայի նորընտիր նախագահի յայտարարութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին նաեւ այն առումով, որ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ այս գիտական կառոյցը յամառօրէն պահանջած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Աշոտ Սաղեան նախագահ ընտրուելէ վերջ կատարած յայտարարութիւններուն մէջ ալ քննադատեց Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ վերջերս գիտնականներու հասցէին հնչեցուած մեղադրանքները։ Ըստ իրեն, անընդունելի ու վիրաւորական են այն խօսքերը, որոնք գիտնականները կը պիտակաւորեն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ ռազմաարդիւնաբերութեան բնագաւառին։ Գիտահէն տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ Սաղեան կարեւորեց ռազմավարական խնդիրներու յստակեցումը։ Ըստ իրեն, գիտութեան բնագաւառի պարագային ինքնանպատակ քայլեր պէտք չէ առնուին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021