ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԵՌԱԳՈՅՆ ԳԻՇԵՐ

Այսօր Հայաստանի մէջ կը նշուի՝ Սահմանադրութեան եւ պետական խորհրդանշաններու օրը։ Նկատի ունենալով, որ իշխանութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը օրակարգի վրայ կը պահեն՝ այս օրը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Աւելին, Ատրպէյճանն ալ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը նախապայման կը համարէ հաշտութեան գործընթացին մէջ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օրուան պատգամին մէջ նշած է, թէ երկիրը պէտք ունի նոր սահմանադրութեան մը, որ ժողովուրդին կողմէ կը համարուի իր ստեղծածը, իր ընդունածը։

Միւս կողմէ, Սահմանադրութեան օրուան առթիւ երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ մարզական ծրագրով մը նախատօնակ տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, «Երեւանեան եռագոյն գիշեր» վազքի մրցումը սկիզբ առաւ Հանրապետութեան հրապարակէն՝ համախմբելով բազմաթիւ մարզասէր երիտասարդներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2024