«Նպատակս է Ապրիլ եւ Գործել Ջաւախքի Մէջ. Նպաստել Ջաւախքի Մշակութային Կեանքի Զարգացման»
«Նպատակս է ապրիլ եւ գործել Ջաւախքի մէջ, նպաստել Ջաւախքի մշակութային կեանքի զարգացման», կ՚ըսէ Կարծախ գիւղի բնակիչ, 21-ամեայ Սուսաննա Կարապետեան, որ մասնագիտութեամբ դերձակ-ձեւաւորող է:
Դեռ փոքր տարիքէն Սուսաննան սիրած է ասեղնագործել, կարել, զբաղիլ ուլունքագործութեամբ։ «Որքան կը յիշեմ՝ կարած եմ, փոքր ժամանակ տիկնիկներուս համար ամենատարբեր զգեստներ կը կարէի, կը սիրէի զանոնք գեղեցկօրէն հագցնել: Կարին զուգահեռ նաեւ կ՚ասեղնագործէի։ Երբ մեծցայ՝ հասկցայ, որ ատիկա պարզապէս մանկական զբաղմունք կամ խաղ չէ եղած, այլ իմ կեանքի առաքելութիւնը», ըսած է Սուսաննա Կարապետեան:
Հետաքրքրութեան շնորհիւ Սուսաննան իր տատիկէն՝ Քնարիկ Կարապետեանէն սորված է նաեւ ուլունքագործութիւն, ժանեակագործութիւն, ասեղնագործութիւն, ստեղծագործած է գեղեցիկ եւ բազմերանգ նախշեր, որոնք հետագային եւս օգնած են մասնագիտական կողմնորոշման գործին մէջ: Սորվելով Ֆրանս-հայկական մասնագիտական ուսումնական կեդրոնին մէջ՝ ստացած է դերձակի որակաւորում: Ասեղնագործութիւնը եւ մասնագիտական հմտութիւնները մէկտեղելու նպատակով սկսած է աշխատիլ Տէրեան մշակութային կեդրոնին մէջ, ուր ծանօթացած է հայկական բազմազան ու բազմերանգ տարազներու հետ: Ծանօթանալով տարբեր շրջաններու տարազներուն՝ ան առաւելագոյնը սիրած է Կարնոյ տարազը:
«Թէեւ կը սիրեմ բոլոր շրջաններու տարազները, սակայն, քանի որ իմ նախնիներս Էրզրումէն եղած են, Կարնոյ տարազը ինծի համար նաեւ որոշակիօրէն նախնիներուս դիմագիծը կը ներկայացնէր: Պատճառը Կարնոյ տարազի նրբագեղութիւնն ու գոյներու գեղեցիկ համադրութիւնը չէ: Ասեղնագործ նախշերու հարստութեամբ աչքի կը զարնէ Վասպուրականի տարազը: Ոչինչով կը զիջէ Արցախի տարազը, որ նոյնպէս գոյներու եւ ասեղնագործ նախշերու գեղեցիկ համադրութիւն մըն է, որ լաւագոյնս կը բնութագրէ հայ կնոջ կերպարը», կ՚ըսէ Սուսաննա Կարապետեան:
Մէկ տարի շարունակ ապրելով եւ աշխատելով Հայաստանի մէջ՝ Կարապետեան ի վերջոյ որոշած է վերադառնալ հայրենի Ջաւախք, ուր եւս զարդակիրառական արուեստի տարբեր ճիւղերը զարգացնելու նպատակով: Իսկ տարազի երանգներով ստեղծած անոր զգեստը արդէն գտած է իր կրողը՝ փոքրիկ հայուհին:
Սակաւախօս ու ժպտերես Սուսաննա Կարապետեան կը փափաքի ապրիլ եւ աշխատիլ Ջաւախքի մէջ, ստեղծել իր անհատական հաւաքածոն, ինչու չէ նաեւ իր գիտելիքները կիսել բոլոր փափաքողներուն հետ: Այժմ ան կը պատրաստուի Հայաստանի մէջ ստեղծել իր արհեստանոցը, ուր ալ պիտի սկսի աշխատիլ եւ հանրութեան ներկայացնել իր ստեղծագործած մտքերն ու ունակութիւնները հագուստի, ձեռագործ եւ ասեղնագործ աշխատանքներու տեսքով: