ԴԷՊԻ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄ
15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ Թուրքիա ցոյց տուաւ աննախընթաց դիմադրութիւն մը։ Երկրէն ներս հաստատուեցաւ արտակարգ դրութիւն, որու պայմաններուն ներքեւ յառաջ կը տարուի պետական հարուածի փորձը իրականացուցած ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցին՝ ՖԵԹԷՕ-ի դէմ ձեռնարկուած լայնածաւալ հետաքննութիւնը։ Այս մթնոլորտին մէջ բովանդակ երկիրը միեւնոյն ժամանակ այլեւս սկսած է մտածել բնականոն կեանքի վերադառնալու մասին։ Մէկ կողմէ յաղթահարուած պետական հարուածը կը բնորոշէ երկրին օրակարգը, իսկ միւս կողմէ երկիրը կը մտածէ նման ոստում մը ապահովել նաեւ տնտեսութեան ոլորտէն ներս։
Այս իրավիճակին մէջ, որպէս անցում դէպի բնականոնացման՝ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեամբ եւ կոչով կազմակերպուած մեծ հանրահաւաքը, որ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Ենիգաբուի հրապարակին վրայ։ Հաշուի առնելով, որ ժողովրդավարութեան ի նպաստ զօրակցութիւն մը ստեղծելու ձգտումը գոյութիւն ունի հասարակութեան բոլոր խաւերուն մօտ՝ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան շփումներն ալ դրուած են նոր հարթութեան մը վրայ։ Ենիգաբուի հանրահաւաքին հրաւիրուած են նաեւ ընդդիմադիր կուսակցապետները։ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի արդէն ընդունած է իրեն ուղղեալ հրաւէրը ու պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը։ Իսկ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետը՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլու երկու օր առաջ տեղեկացուցած էր, թէ պիտի չմասնակցի հանրահաւաքին եւ կուսակցութեան անունով պիտի ուղարկէ պատուիրակութիւն մը։ Քըլըչտարօղլուի այս որոշումէն վերջ, երէկ երեկոյեան Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հեռաձայնով շփման մէջ անցաւ Քըլըչտարօղլուի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, վարչապետը փորձեց համոզել Քըլըչտարօղլուն՝ որպէսզի յանձն առնէ մասնակցիլ Ենիգաբուի հանրահաւաքին։ Վարչապետը առաջարկեց մասնակցիլ ՃՀՓ-ի Իզմիրի հանրահաւաքին եւ անոր փոխարէն Քըլըչտարօղլուն ալ հրաւիրեց Ենիգաբու։ ՃՀՓ-ի կուսակցապետը ժամանակ պահանջեց այցելութեան հրաւէրը արժեւորելու համար։
Միւս կողմէ, Եըլտըրըմ-Քըլըչտարօղլու հեռախօսազրոյցին ընթացքին վարչապետը տեղեկացուց նաեւ, թէ ստացած է ընդդիմադիր կուսակցապետին իրեն հասցէագրուած նամակը եւ այնտեղ մատնանշուած առաջարկները պիտի քննարկուին նախանձախնդրութեամբ։ Այդ նամակին մէջ Քըլըչտարօղլու մատնանշած է, որ ժողովրդավարութիւններու մէջ պետութեան մը հիմնական հաստատութիւնները կը վերակառուցուին հասարակաց միտքով եւ խորհրդարանի կամքով։ Այդպիսի կարգադրութիւններու արտակարգ վիճակի հոգեբանութիւնով կատարուիլը երկարաժամկէտ առումով կրնայ խնդիրներու տեղի տալ։ Ժամանակաւոր շրջաններու արտակարգ միջոցներով մնայուն կարգադրութիւններու երթալը կրնայ խոր բեկումներ յառաջացնել պետութեան մէջ ու կրնայ ծնունդ տալ անշրջադարձելի վնասներու։
Քեմալ Քըլըչտարօղլուի երեք էջնոց նամակին տեւողութեան անդրադարձ կատարուած է շարք մը մտահոգութիւններու, որոնց պատճառ կը հանդիսանան կառավարութեան օրէնքի համազօր որոշմնագրերու հիման վրայ առնուած քայլերը։