ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՈՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԻՄՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՈԼՈՐՏԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ հիմնել հարիւր տոկոս բաժնեմասով պետական ընկերութիւն մը, որ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ Իրանէն կազ գնելու, ներածելու կամ արտածելու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոր ընկերութիւնը կը կոչուի «Էներկաիմփեքս»։
Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Լեւոն Եոլեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Որոշումը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ չկայ որեւէ կառոյց, որ իրաւունք կ՚ունենայ այլ երկիրներէ, մասնաւորապէս Իրանէ գնել ելեկտրական ուժանիւթ եւ կազ ներածել կամ որպէս տարանցիկ երկիր արտածել։ Կառավարութեան այս որոշումով նախատեսուած ընկերութեան ստեղծումը պիտի լրացնէ այդ բացը եւ մենք երկրին մէջ պիտի ունենանք կառոյց մը, որ պիտի ունենայ այդ իրաւունքները ու պիտի իրականացնէ»։
Ըստ կառավարութեան ժողովին ընթացքին նկատի առնուած հիմնաւորման՝ ընկերութեան հիմնադրութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ աւելցնել բնական կազի ներածումը Իրանի տարածքէն՝ առաւել արդիւնաւէտ դարձնելով Իրան-Հայաստան կազամուղին օգտագործումը։ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ պայմանաւորուածութիւն գոյացած է՝ որպէսզի կազի եւ ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակումներ իրականացուին։
Նորաստեղծ ընկերութիւնը շուրջ 210 հազար ամերիկեան տոլար կանոնադրական դրամագլուխ պիտի ունենայ։
Աւելի առաջ Իրանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ երկու երկիրները կը ձգտին փոխել հայկական ելեկտրականութիւնը իրանական բնական կազին հետ փոխանակելու դրութիւնը։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Լեւոն Եոլեան այցելած էր Թեհրան։ Իրանի Նաւթի նախարարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացած էր՝ կազի պայմանագրերու հարցով փութով վերջնական իրաւական լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ։