ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՃԷՄ ՍՈՖՈՒՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ

Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ յարակից համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման հարցին շուրջ Անթիլիասի կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգէն ներս առնուած քայլերէն արդիւնք մը չստանալէ վերջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հարցը տեղափոխած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։ Անթիլիասի աղբիւրները երէկ բաւական երկար ժամանակ վերջ այս խնդրին վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունած է իրաւաբան Ճէմ Սոֆուօղլուն, որ այս գործին ներգրաւուած գլխաւոր փաստաբաններէն մին է։ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դատական գործընթացներուն ժամանակ Անթիլիասի շահերը պաշտպանած էր Ճէմ Սոֆուօղլու։ Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ առաւօտ անոր հետ տեսակցած է Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ։ Խորհրդակցութեան ներկայ գտնուած է նաեւ սոյն դատի իրաւական յանձնախումբի անդամուհիներէն Տքթ. Նորա Պայրաքտարեան։

Ըստ Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան դատական գործընթացի ներկայ փուլը եւ յառաջիկայ հաւանականութիւնները՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ ներկայ պայմաններու լոյսին տակ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ ներկաները հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցան այս դատին հետամուտ իրաւական յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ։

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2017