Հայ­թա­յեա­նիՆ Մե­ծա­րանք

Ամէն ամիս Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի, Միացեալ Նահանգներ, Առողջապահութեան եւ ապահովութեան յանձնաժողովը կը մեծարէ քաղաքէն կազմակերպութիւն մը կամ անձնաւորութիւն մը, որ յատկանշական ներդրում ունեցած է Պեվըրլի Հիլզի բնակչութեան առողջապահութեան եւ ապահովութեան բարելաւման ջանքերուն մէջ:

Յանձնաժողովի իւրաքանչիւր անդամ թեկնածու մը կ՚առաջադրէ այս պատիւին համար: Յուլիս ամսուան ընթացքին որոշուած էր մեծարել երկու անձնաւորութիւններ, որոնցմէ մէկն էր ոսկերչական, գոհարեղէններու եւ այլ թանկարժէք արտադրութեանց՝ «Լիան՚զ Պեվըրլի Հիլզ» վաճառատան սեփականատէր Լեւոն Շանթ Հայթայեանը:

Մեծարեալին անունը առաջարկած էր յանձնաժողովի անդամներէն Լիզա Քէյը, որ իր ելոյթին մէջ դրուատած էր ամէն տարի Վահագն Սէթեանի յիշատակին կազմակերպուող վազքի մրցումներուն համար երեք արժէքաւոր ժամացոյցներ նուիրելու Հայթայեանի սովորութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ անոր վաճառատունը 16 տարիներէ ի վեր կը գործէ քաղաքին մէջ, մի՛շտ նեցուկ կանգնելով համայնքային նախաձեռնութիւններու:

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2017