Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
AKM-Ի ՆՈՐ ՀԱՄԱԼԻՐԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԵՕԹՆԱՊԱՏԻԿ ԸՆԴԱՐՁԱԿ
Թաքսիմի հրապարակին վրայ շուտով պիտի փլցուի «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին (AKM) այժմու շէնքը։ Նոր կառուցուելիք համալիրը շուրջ եօթ անգամ աւելի ընդարձակ պիտի ըլլայ այժմու շէնքէն։
Ըստ մշակուած նախագծին, նոր համալիրը պիտի ընդգրկէ՝ օփերայի, շարժանկարի, ցուցահանդէսի, թատրոնի, համերգի, համագումարի դահլիճներ, գրադարան, թանգարան եւ գեղարուեստասրահ։ Այս բոլորին առընթեր պիտի գործեն ճաշարանի եւ սրճարանի նման առեւտրական բաժանմունքներ, որոնք անհրաժեշտ ծառայութիւնները պիտի մատուցեն այս նոր կառուցուելիք համալիրին համար։
Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2017