ՌԱՀՎԻՐԱՅԷՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Շաբաթավերջին հայաշխարհը ունեցաւ ծանր կորուստ մը. ոչ եւս է յայտնի ցեղասպանագէտ Փրոֆ. Վահագն Տատրեան։ Իսթանպուլ ծնած, Մխիթարեան վարժարանը աւարտած մեծանուն պատմաբանը 93 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին։ Իր կորուստը շատ լայն արձագանգ ու ցաւ ստեղծեց համայն հայաշխարհէն ներս։ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց բօթին։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անմիջապէս ցաւակցականներ հրապարակեցին՝ սգալով Վահագն Տատրեանի կորուստը։

Վահագն Տատրեան ծնած էր 1926 թուականին Իսթանպուլի մէջ։ Մխիթարեան վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ, աւարտած էր Պերլինի համալսարանի Մաթեմաթիքի ֆաքիւլթէն, Վիեննայի համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէն եւ Ցիւրիխի համալսարանի Միջազգային իրաւունքի ֆաքիւլթէն։ 1970-1991 թուականներուն ընկերաբանութիւն դասաւանդած էր Նիւ Եորքի համալսարանէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ եղած էր Հարուըրտի համալսարանի Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու եւ Մասաչուսեթցի Փորձագիտութիւններու կաճառի Միջազգային ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու աւագ գիտաշխատողը։ 1990-ականներուն եղած էր Կուկենհայմի ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագրի տնօրէն։ 1991 թուականէն ի վեր «Զօրեան» կաճառի (Թորոնթօ եւ Քէյմպրիճ) ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագրի գիտական տնօրէնն էր։

Վահագն Տատրեան կը համարուէր համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն մին։ Յատկապէս կարելի է յիշել իր գործերու շարքին հետեւեալները. «Հայկական ցեղասպանութիւնը խորհրդային եւ պատմագիտական քննարկումներով» (հայերէն, 1995), «Հայոց ցեղասպանութեան մէջ գերմանական պատասխանատը-ւութիւն. պատմական ապացոյցի ստուգաբանութիւն» (անգլերէն, 1996), «Ցեղասպանութեան երաշխիքը. թուրք-հայկական հակամարտութեան գլխաւոր բաղադրատարրեր» (անգլերէն, 1998)։ Միջազգային իրաւունքի համատեսքին մէջ հայոց ցեղասպանութեան վերլուծութեան ձօնուած գիրք մըն ալ ունէր՝ «Ցեղասպանութիւնը որպէս ազգային եւ միջազգային իրաւունքի հիմնահարց. հայկական հարցը Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ անոր նկատմամբ ժամանակակից իրաւական վերաբերմունքը» խորագրով։ 1989 թուականին հրատարակուած այս աշխատութիւնն ալ անգլերէնով էր։

Վահագն Տատրեան նուաճած էր բազում պարգեւներ եւ մրցանակներ։ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի կողմէ իր մահուան առթիւ հրապարակուած վշտակութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Անուանի փրոֆեսէօրը երկար տարիներու իր նուիրուած գիտական գործունէութեամբ ու վաստակով կենդանի առասպել մը դարձած էր գիտնականներու քանի մը սերունդներու համար»։ Նոյն առթիւ ընդգծուած է, որ Վահագն Տատրեան հսկայածաւալ աշխատանք կատարած էր Օսմանեան կայսրութեան պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ։

Վահագն Տատրեան հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու եւ գիտական աշխատանքի ամբողջին մէջ կը համարուէր ռահվիրայ մը եւ այդ կալուածէն ներս իր ունեցած ներդրումը կը համարուի անժամանց։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019