ԱՂԷՏԱՀԱՐ ՔԱՂԱՔ ԴԱՐՁԱԾ ՊԷՅՐՈՒԹԸ ՔԱՈՍԻ ՄԷՋ. ՄԵԾ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ՑՆՑԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԸ

Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութը ցնցած սոսկալի պայթումը տակաւին երկար ժամանակով քննարկման նիւթ պիտի դառնայ ո՛չ միայն Լիբանանի օրակարգին վրայ, այլեւ՝ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար։ Մանրամասնութիւններուն երթալով յիշեցնեմ, որ Պէյրութի գլխաւոր նաւահանգիստին մէջ որոտացած պայթումը, որու խորհրդաւորութիւնը դեռ մինչեւ այս պահը կը շարունակէ իր շուքերը տարածել դէպքին վրայ, բոլոր առումներով աննախադէպ էր։ Աննախադէպ էր իր տարողութեամբ եւ մայրաքաղաքի շուրջ 60 առ հարիւրին վրայ գործած աւերով։ Շէնքեր, տանիքներ, շէնքերու մուտքեր, խանութներու փեղկեր եւ շքամուտքեր, մեծ համալիրներու մուտքեր եւ սիւներ աւերակ դարձած են։ Քաղաքը կ՚ապրի օրհասական պահեր եւ հազարաւոր վիրաւորեալներ կը փոխադրուին հիւանդանոց՝ բուժում ստանալու համար։ Առողջապահական առումով երկրի պատկան մարմինները քաղաքացիներէն կը խնդրեն, որ հեռու մնան թեթեւ վիրաւորեալները հիւանդանոց փոխադրելէ, որովհետեւ արդէն տեղ չկայ։ Իրավիճակը իրապէս ցաւալի է։

Արեւելքի համար իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած ծովեզերքի հարս՝ Պէյրութը քաոսի մէջ թաղուած է։ Քաղաքացիները ճարահատ են, իսկ երկրի լրատուական դաշտի աշխատակիցները համրացած։ Իրավիճակին ճիշդ ու դիպուկ գնահատականը կու տար ֆրանսական AFP գործակալութեան Պէյրութի գրասենեակի լրագրողը, ըստ որու պատահածը համազօր է երկրաշարժի։ Ի դէպ, մինչեւ այս գրութեան աւարտիլը, Պէյրութի պայթումի զոհերուն թիւը անցած էր 70-ը, իսկ վիրաւորներունը՝ 3 հազարը ու տակաւին շատ հաւանական է, թէ այս թիւերը բարձրանան։

ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Պայթումի առաջին իսկ պահէն աւելի քան հնգեակ մը վարկածներ սկսան շրջանառիլ պատահած ողբերգութեան մասին։ Այդ վարկածներէն ամենէն անհիմնն ու առաջինը այն էր, որ պայթումը եղած է տօնական հրավառութեան պայթուցիկներու պահեստանոցի մը մէջ, որ սակայն, աւելի ուշ «ջուրը կ՚իյնար» ու ձեւով մը լոյսին կը բերէր, որ եղածը շատ հաւանաբար «Հիզպուլլահ»ի պատկանող պահեստանոցի մը մէջ եղած պայթում մըն է, իսկ կատարող կողմը՝ Իսրայէլն է։ Այս վարկածներուն զուգահեռ՝ դէպքէն անմիջապէս վերջ նկատելի էր նաեւ Լիբանանի մարմիններու մեծ լռութիւնը, որ աւելիով խորհրդաւոր կը դարձնէր իրավիճակը։ Միւս կողմէ, Իսրայէլ, որ մինչեւ այս պահը կը հա մարուի գլխաւոր, սակայն, անպաշտօն մեղադրեալը, նոյնպէս լռութիւն կը պահէր՝ հակառակ, որ նման մեծ զարգացումներու պարագային ան վարժ է ո՛չ միայն ստանձնել դէպքի պատասխանատուութիւնը, այլ նաեւ՝ յոխորտալ իր կատարած «սխրանք»ով։ Աւելցնենք, թէեւ, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Իսրայէլ հերքած է իրեն վերագրուած մեղադրանքները։

Յամենայնդէպս, հեռու մնալով դաւադրական ամէն տեսակ մօտեցումէ՝ հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ պայթումի ենթարկուած գլխաւոր պահեստանոցը, ըստ Լիբանանի կարգ մը լրատուամիջոցներու, եղած է պահեստանոց «Ամոնիոմ նիթրաթ» խիստ վտանգաւոր եւ արագ բռնկող նիւթի։ Այդ նիւթերու հարցը զանազան առիթներով քննարկման առարկայ դարձած էր Լիբանանի բնապահպանական մարմիններու կողմէ։ Ամէն պարագայի եւ հաշուի առնելով առկայ ընդհանուր տեսարանը եւ դէպքի ժամանակ առնուած կարճ տեսանիւթերը՝ այս տողերը գրողը միտուած է հաւատալ, թէ պատահածը սովորական պայթում մը չէ, այլեւ՝ հետեւանքն է արարքի մը, որ նպատակ մը կը հետապնդէ եւ լաւ ուսումասիրուած է։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏ

Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայութեան, ապա հարկ է նշել, որ հայկական գաղութը նոյնպէս ունեցաւ նիւթական մեծ կորուստներ։ Հայաբնակ Պուրճ Համուտ, Նոր Հաճըն, Տորա եւ մասամբ հայաբնակ Էշրէֆիէ թաղամասերուն մէջ անհատական մակարդակի վնասներէ սկսեալ, մինչեւ ազգային կառոյցներու շէնքեր ու կեդրոններ՝ նոյնպէս կրեցին մեծ վնասներ։ Ունեցանք նաեւ մարդկային կորուստներ, որոնց առաջինը «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեանն էր։ Բաց աստի, յստակ դարձաւ նաեւ, որ կայ առնուազն վեց հայ զոհ։ Համայնքը, նոյնպէս, ինչպէս ամբողջ Լիբանանը՝ յայտնուած է մեծ շոքի մը մէջ ու յառաջիկայ օրերուն կարելի պիտի ըլլայ աւելի յստակ գնահատականներ տալ առկայ ընդհանուր դրութեան շուրջ։ Նշեմ, որ դէպքէն քանի մը ժամ անց Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ թաղամասը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ մօտէն ծանօթանալու համար հայկական թաղամասերու իրավիճակին, նաեւ սրտակցելու աղէտահար մեր հայրենակիցներուն։

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԿՈՉԸ

Պայթումի դէպքէն ժամեր անց Պէյրութը յայտարարուեցաւ աղէտահար քաղաք։ Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապ, որ հանդէս եկաւ կարեւոր համարուած յայտարարութեամբ, կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն, որպէսզի արագօրէն օգնութեան ձեռք երկարեն։ Ան նաեւ նկատեց, որ դէպքին հետ կապուած բոլոր մանրամասնութիւնները եւ պատճառները պիտի բացայայտուին ու մեղաւորները պիտի պատժուին։ Այս խօսքերէն անդին յստակ է նաեւ, որ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը տակաւին չէ կարողացած պատահածին վերաբերեալ ճիշդ ախտաճանաչում մը կատարել ու ըստ այդմ կարեւոր քայլերու ձեռնարկել։ Յստակ է, որ Լիբանանի ժողովուրդը կանգնած է մեծ քաոսի մը առջեւ եւ յառաջիկայ օրերը, անշուշտ, պիտի բանան ամբողջ ողբերգական իրականութեան մը մեծ պատկերը։

ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՊԱՅԹՈՒՄ

Նման յայտարարութիւն կը կատարէր Յորդանանի երկրաշարժներու պետական գործակալութեան գրասենեակը, որ նաեւ կը տեղեկացնէր, թէ Պէյրութի պայթումը համազօր է ռիխթերեան չափանիշով 4.5 սաստկութեամբ երկրաշարժի մը։

Եթէ արագ հայեացք մը նետեմ զանազան առիթներով Պէյրութը ցնցած պայթումներուն, ապա յիշողութեանս մեծ պաստառին կը վերադառնան այն տասնեակ տեսարանները, որոնց հետեւանքով ծննդավայրս ապրած է ծանր եւ ցնցումային պահեր։ Քաղաքական, բայց մանաւանդ՝ ռազմական թեքումով կողմեր քանի-քանի անգամներ իրենց նամակատուփը դարձուցած են Պէյրութը եւ զանազան մեթոտներով, իրարու վրայ գրոհած ու արիւն թափած են։ Եղած են անհասկնալի ու խորհրդաւոր պահեր, որոնց գաղտնիքը ցարդ ալ չէ բացայայտուած եւ որոնց գլխաւորը կը համարուի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պատճառ դարձած ահաբեկչութիւնը, որ մինչեւ օրս տակաւին առիթ կը դառնայ մեծ հարցականներու եւ քննարկումի։ Հարիրիի սպանութիւնը նոր փուլ մը կը բանար ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ՝ ամբողջ Արեւելքին համար։ Չի բացառուիր, երբեք չի բացառուիր այն վարկածը, թէ 4 օգոստոսին Պէյրութը «երկրաշարժած» պայթումը ունենայ նոյն յատկանիշները, նոյն յետագիծը ու յատկապէս ըլլայ հետեւանքը այն նոյն սեւ ձեռքերուն, որոնք խաղարկումներու մեծ յորձանուտին մէջ նետած են՝ այնքան պարզ ու նաեւ այնքան բարդ Լիբանանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020