ԱՌՑԱՆՑ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջերս հանգանակութիւն մը կազմակերպեց քորոնաժահրի համաճարակի պայքարի մթնոլորտին մէջ։ «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» կարգախօսով կազմակերպուած դրամահաւաքի արդիւնքով հանգանակուեցաւ շուրջ 800 հազար տոլար։ Սա առցանց հանգանակութիւն մըն էր, որու արդիւնքները վերջերս ամփոփուած են հիմնադրամին կողմէ։ Այսպէս, հիմնադրամը միանալով «COVID-19» համաճարակի դէմ մղուող պայքարին, անցեալ 18 մարտին նախաձեռնած էր «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» առցանց դրամահաւաք-արշաւին, որուն ծիրէն ներս հանգանակուած ամբողջ գումարը ուղղուած էր առողջապահութեան ոլորտին անհրաժեշտ բարձրորակ բժշկական պարագաներու ու սարքերու ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ հրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող այլ կարիքներու:

Ծրագիրը կ՚իրագործուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի, Արցախի նախագահի, Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի, Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան սերտ համագործակցութեամբ:

Յուլիս 22-ի դրութեամբ հանգանակուած է 800.030 տոլար, որմէ 695.244 արդէն ուղղուած է մեծաքանակ բժշկական պարագաներու ու սարքաւորումներու ձեռքբերման, շտապ օգնութեան անձնակազմի ելմտական աջակցութեան, Երեւանի եւ մարզերու կարիքաւոր ծերերուն ամսական սնունդի մատակարարման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայրենակիցներու Հայաստան վերադարձին:

Հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, որ ի լրումն առողջապահական ոլորտին տրամադրուած աջակցութեան, հիմնադրամի տեղական մարմիններուն շնորհիւ մեծաքանակ բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ արդէն նուիրաբերուած են Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական ոլորտին: Մնացեալ գումարը եւս պիտի ուղղուի առողջապահական ոլորտի ծրագրերու օժանդակութեան:

Հիմնադրամը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ աշխարհի տասնութ երկիրներէն միացած անհատ աւելի քան հազար նուիրատուներուն, աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներուն, կազմակերպութիւններուն, հիմնադրամի ամբողջ ցանցին եւ բոլոր գործընկերներուն՝ վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար:

Հիմնադրամը իր կայքին վրայ հրապարակած է նաեւ ելմտական հաշուետուութիւնը:

ՎԱՏ ՑՈՒՑԱՆԻՇՆԵՐ

Այս հանգանակութեան նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ Հայաստանի տնտեսութեան ներկայ ծանր կացութեան լոյսին տակ։ Այսպէս, երկրի տնտեսութիւնը ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին 4.7 տոկոս անկում ունեցած է։

«Սիվիլնեթ»ի հաղորդումներով, Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին 4.7 տոկոս անկում ունեցած է՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած: Այս մասին տեղեկացուցած է Ազգային վիճակագրական կոմիտէն՝ ամփոփելով այս կիսամեակի փոքր տնտեսական կառոյցներուն տուեալները։

Մեծագոյն անկումը արձանագրուած է շինարարութեան ոլորտին մէջ՝ 23.4 տոկոս, ինչ որ պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի տարածման շրջանին խիստ սահմանափակումներու բերումով, շինարարական աշխատանքները պարէտի որոշումով դադրեցուեցան: Փոխարէնը 1.5 տոկոս աճած են արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալները:

Հայաստանէն արտածումը նուազած է 6.5 տոկոս, ներածումը՝ 13 տոկոս:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020