ԹՐԱՄՓԻ ՖԻԼՄԱՇԱՐԸ

Համացանցի վրայ յայտնուած է Տանըլտ Թրամփի մասին «Քոմիի կանոնները» ֆիլմաշարի առաջին գովազդային ցուցադրութիւնը։ Այսպէս, «YouTube»ի մէջ տեղադրած են The Comey rule (Քոմիի կանոնները) կարճ-ֆիլմաշարի առաջին ցուցադրութիւնները, որոնց մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դերը կը կատարէ Պրենտըն Կլիսըն, որ ծանօթ է «Հերի Փոթըր» շարժանկարներու մասնակցութեամբ։

Ֆիլմաշարը հիմնուած է Հետաքննութիւններու դաշնային պիւրոյի նախկին տնօրէն Ճէյմս Քոմիի A higher loyalty գիրքի վրայ, որ լոյս տեսած է 2018 թուականին։ Գիրքը տպագրուած է այն պատահարէն յետոյ, երբ Թրամփ 2017 թուականին հեռացուցած է Քոմին՝ Հիլըրի Քլինթընի ելեկտրոնային նամակներու հետաքննութեան գործի հետ կապուած գայթակղութեան պատճառով։

RadioTimes-ի տեղեկութիւններով, ֆիլմաշարին մէջ գործողութիւնները կը ծաւալին Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու շուրջ, որոնք տեղի ունեցած են 2016 թուականին։

Պրենտըն Կլիսընի հետ նախագիծին մէջ նկարահանուած են նաեւ Ճեֆ Տենիըլս, Քինկսլի Պեն-Ատիր, Ունա Չափլին եւ այլք։

Ֆիլմաշարի առաջնացուցադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերի 27-ին՝ Showtime-ով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020