ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿԸ

Նունէ Եսայեան նոր տեսահոլովակ ներկայացուցած է հանրութեան։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նունէ Եսայեան հանրութեան ներկայացուցած է «Երբ հոգիս կ՚երգէ» երգի հիման վրայ նկարահանուած տեսահոլովակը, որ արդէն համացանցի վրայ է:

Երգի երաժշտութեան հեղինակն է Արթուր Գրիգորեան, իսկ խօսքերը գրած է Աւետ Բարսեղեան: Հոլովակի բեմադիրներն են Ֆրիտա Եորքն ու Արման Գէորգեանը, մեքենավարն է Արտեոմ Աբովեան:

Նունէ Եսայեան 1988 թուականին ընդունուած է Երեւանի ճազային եւ էսթրատային արուեստի պետական քոլէճ: 1990 թուականին աւարտելով քոլէճը՝ ընդունուած է Կոնստանդին Օրբելեանի ղեկավարած Հայաստանի Պետական էսթրատային նուագախումբ՝ որպէս մեներգչուհի: Մասնակցած է բազմաթիւ տեղական եւ միջազգային մրցոյթներու ու արժանացած՝ բարձր մրցանակներու։

Թողարկած է աւելի քան տասն ձայնասկաւառակ, նկարահանած բազմաթիւ տեսահոլովակներ։ Մենահամերգներով հանդէս եկած է Հայաստանի եւ արտասահմանեան շարք մը երկիրներու մէջ։ Եսայեանի երգացանկին մէջ կը գերակշռեն ժողովրդական երգերը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020