ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹԻ ՀԵՐԹ…
Ամենահարուստ երկիրները հերթի կանգնած են քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի համար։ Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ճաբոն եւ Եւրոմիութեան երկիրները պայմանաւորուած են գնելու համար քորոնաժահրի դէմ 1.3 չափաբաժին պատուաստանիւթ, որ դեռ չէ ստեղծուած: Այս մասին հաղորդած է Bloomberg գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Airfinity վերլուծական ընկերութեան հետազօտութիւնը:
Այսպէս, Միացեալ Նահանգներ եւ Մեծն Բրիտանիա համաձայնագիր ստորագրած են Sanofi-ի եւ GlaxoSmithKline Plc-ի, Ճաբոն՝ Pfizer-ի հետ: Եւրոմիութիւնը նոյնպէս «յամառօրէն տրամադրուած է» գնման հարցին, կը նշէ գործակալութիւնը, սակայն չէ ճշդուած, թէ որու հետ եւրոպական երկիրները պայմանագիր պիտի կնքեն: Այսպէսով, թէեւ նոր տիպի ժահրի դէմ պատուաստանիւթերու արդիւնաւէտութիւնը դեռ չէ ապացուցուած, սակայն անոնք զգալի թիւով արդէն պահեստաւորուած են հարուստ երկիրներու կողմէ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, յետագային գործարքներու թիւը միայն կ՚աճի: Վերլուծաբանները կը նշեն, որ 7.8 միլիառ մարդու համար չափաբաժինը կրնայ չբաւարարել եւ աղքատ երկիրները կը յայտնուին «հերթի վերջաւորութեան»:
Նման իրադրութիւն եղած է 2009 թուականին, երբ հարուստ երկիրները իրենց մենաշնորհը դարձուցած էին խոզակրիպի դէմ պատուաստանիւթի մատակարարումները: Անյայտ թոքաբորբի բռնկումը սկսած է Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ անցեալ տարուայ դեկտեմբերի վերջաւորութեան: Ինչպէս պարզուած է, հիւանդութեան յարուցիչը դարձած է նոր տիպի քորոնաժահրը, աւելի վերջ հիւանդութիւնը ստացած է «Covid-19» պաշտօնական անուանումը: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը «Covid-19» նոր ժահրային վարակի բռնկումը մարտի 11-ին յայտարարած է համաշխարհային համավարակ: