ՊԻԼԻ ԱՅԼԻՇԻ ՆՈՐ ԵՐԳԸ

Պիլի Այլիշի նոր հոլովակը միլիոնաւոր դիտումներ հաւաքած է մի քանի ժամուայ ընթացքին։ Այսպէս, ամերիկացի երգչուհի Պիլի Այլիշ համացանցային հարթակներու վրայ ներկայացուցած է իր նոր երգը՝ «My future»ը, եւ «YouTube»ի վրայ հրապարակած է անոր տեսահոլովակը, որ ստեղծուած է բեմադիր Էնտրու Օնորաթոյի կողմէ:

«Մենք այդ յօրինումը գրած ենք քորոնաժահրի մեկուսացման ամենասկիզբին։ Ան իսկապէս շատ անձնական է եւ յատկապէս ինծի համար։ Երբ մենք կ՚աշխատէինք անոր վրայ, իմ գլխուն մէջ միտքեր կը հիւսուէին, ուրախութեան եւ ինքնազարգացման մասին», պատմած է Այլիշ։

Դանդաղ եւ մեղեդային բանաստեղծութեան մէջ երգչուհին կը պատմէ այն մասին, որ սիրահարուած է իր ապագային եւ չի կրնար սպասել անոր հետ հանդիպման:

Հոլովակի տեղադրուած պահէն արդէն մի քանի ժամուայ ընթացքին «YouTube»ի մէջ հաւաքած է գրեթէ 4 միլիոն դիտում եւ 1 միլիոն լայք։

«My future» երգը առաջին աշխատանքը դարձաւ, երբ Պիլի Այլիշ ներկայացուց «No time to die» մեներգը, որ խորագրային երաժշտութիւնը դարձաւ Ճէյմըս Պոնտի մասին «Մեռնելու ժամանակը չէ» նոր շարժանկարի համար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020