ՍԻՐՈՅ ՀՐԱՒԷՐ

Գոռ Սուճեան երգով յորդորած է սիրով լեցնել մարդոց սիրտերը։ Այսպէս, Գոռ Սուճեան, որ պարբերաբար կը կատարէ հանրայայտ ստեղծագործութիւններու տարբերակներ, այս անգամ ներկայացուցած է Սթիւի Ուանտըրի Love's In Need Of Love երգը: Սուճեան հետաքրքրական այս տեսահոլովակով հրապարակած եւ յորդորած է սիրով լեցնել մարդոց սիրտերը: Տեսանիւթը զետեղուած է Սուճեանի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ:

«Այս երգի ուղերձը այս օրերու համար է: Կապ չունի, թէ ով ես դուն (ազգութիւն, ցեղ, գոյն, մասնագիտութիւն, կրօն): Պէտք չէ սիրտդ ոչ մէկու հանդէպ ատելութեամբ լեցնես։ Սիրտդ սիրով լեցուր», գրած է Սուճեան։

Գոռ Սուճեան կ՚երգէ փոքր տարիքէն ի վեր, սակայն երաժշտասէրներու լայն շրջանակին յայտնի դարձաւ «Տորիանս» ռաք խումբով: «Տորիանս»ը 2013 թուականին Հայաստանը ներկայացուցած էր «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին՝ կատարելով Lonely Planet երգը: Խումբի գործունէութեան դադարէն յետոյ ան ելոյթներ կ՚ունենայ որպէս անհատ կատարող: Մի քանի տարիէ ի վեր իբրեւ մենակատար հանդէս կու գայ Project LA նախագծին մէջ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020