ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ՇՈՒՆԵՐ

Ճաբոնի մէջ քորոնաժահր յայտնաբերուած է ընտանի կենդանիներու մօտ։ Այսպէս, Ճաբոնի մէջ առաջին անգամ քորոնաժահր յայտնաբերուած է ընտանի կենդանիներու մօտ։ Anicom Holdings Inc ընկերութիւնը այս մասին տարածած է հաղորդագրութիւն մը:

Քորոնաժահրը յայտնաբերուած է երկու շան մօտ, որոնք կը պատկանին տարբեր տէրերու, որոնց մօտ աւելի առաջ քորոնաժահր հաստատուած է:

Anicom Holdings Inc ընկերութիւնը այս տարուայ ապրիլէն սկսած է Stay Anicom արշաւին, որու շրջանակներէն ներս կենդանիներու անվճար խնամքի ծառայութիւններ կը մատուցանէ տնային կենդանի ունեցող եւ քորոնաժահրով հիւանդ անձերու՝ անոնց բուժման ընթացքին: Ընկերութիւնը հոգ կը տանի 29 շունի, 12 կատուի եւ 1 նապաստակի:

«Մենք բոլոր կենդանիները ենթարկած ենք հետազօտութեան, որպէսզի համոզուինք, որ իրենց մօտ քորոնաժահրային հիւանդութիւն չկայ: Այս անգամ նմուշառումներու արդիւնքները երկու շունի մօտ եղած են դրական: Մենք այլ կազմակերպութիւններու մէջ եւս կատարած ենք մի քանի նման նմուշառումներ, որոնց պատասխանները եւս դրական եղած են», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Covid-19»ով վարակուած շուներու առողջական վիճակի վատթարացում չէ արձանագրուած:

«Ներկայիս կենդանիները կը պահուին առանձին եւ այդպէս կը շարունակուի մինչեւ նմուշառութեան բացասական արդիւնքի արձանագրումը: Շուներու հետ նոյն վայրին մէջ գտնուած միւս կենդանիներու քննութիւններու արդիւնքները եղած են բացասական: Վարակի տարածում չէ արձանագրուած», նշուած է գրութեան մէջ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020