1083 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը երէկ դարձեալ հազարի շեմէն վեր բարձրացաւ։ Վերջին արձակուրդի օրերուն, դժբախտաբար, անհաւատալի կացութիւն մը ստեղծուեցաւ երկրին մէջ, ինչ որ անխուսափելի հետեւանքներու ծնունդ պիտի տայ համաճարակի ծաւալման տեսակէտէ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա ստեղծուած իրավիճակին մէջ երէկ ահազանգ հնչեցուց, թէ նոր վարակեալներու թիւի բարձրացումը լուրջ է։

Երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 46 հազար 249 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1083 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 18 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 994։ Ներկայ դրութեամբ 583 հիւանդի կացութիւնը կը համարուի ծանր։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու վրայ մատնանշեց, որ մօտաւոր անցեալին բաղդատմամբ առաջին անգամ նոր վարակեալներու թիւի տարբերութիւնը իրերայաջորդ երկու օրերու կտրուածքով եղած է այսքան ակնյայտ։ Ըստ նախարարին, տօնակատարութիւններու եւ արձակուրդի շփման միջավայրի ծանր հետեւանքներու պատճառ դառնալը պէտք է անպայման կանխուի։

«Բոլորս իրարու նկատմամբ պատասխանատու ենք։ Նախազգուշական միջոցներու ուղղութեամբ միասնականութեան կարիք ունինք», յայտնեց Ֆահրետտին Քոճա։

Միւս կողմէ, աշխարհի վերաբերեալ տուեալներն ալ համաճարակի կանխարգիլման տեսակէտէ յոյս չեն ներշնչեր։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու, երկրագունդի վրայ նոր վարակեալներու թիւը կը մօտենայ 19 միլիոնի շեմին։ Եւրոպայի մէջ կը խօսուի համավարակի նոր ալիքի մը մասին՝ մինչ Ֆրանսայի, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ առընթեր, Գերմանիոյ նման համաճարակը յաջողութեամբ դիմագրաւած երկիրներու պարագային ալ վերջին ցուցանիշները կը համարուին մտահոգիչ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020